Կիրակի, 14 Ապրիլ 2024-ին, Քեսապէն ժամանած Համազգայինի Կեդր. Վարչութեան անդամ Կարօ Մանճիկեան եւ իր տիկինը Սեւան Ասատուրեան-Մանճիկեան շնորհաւորական այցելութիւն տուին Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանին, Ազգ. Առաջնորդարանի իր գրասենեակէն ներս։

Այցելուները շնորհաւորեցին սրբազան հայրը՝ Արքութեան տիտղոս ստանալուն, ինչպէս նաեւ Ս. Յարութեան տօնին առիթով, եւ քաջառողջութեան ու բեղմնաւոր ծառայութեան իրենց շնորհաւորական բարեմաղթութիւնները փոխանցեցին անոր։

Սրբազան հայրը, իր կարգին, օրհնեց, քաջալերեց եւ ամենայն բարիք մաղթեց Մանճիկեաններուն եւ իրենց զաւակներուն ու հարազատներուն։