Միջազգային իրաւական հարցերով Հայաստանի ներկայացուցիչ Եղիշէ Կիրակոսեան կիւնիկեան ու անլուրջ որակած է ատրպէյճանական կողմին այն քայլերը, որոնք կը փորձեն Արդարադատութեան միջազգային դատարանին մէջ «Հայաստանը ընդդէմ Ատպէյճանի» գործով լսումներու ընթացքին հաւասարութեան նշան դնել Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջև։
«Արմէնփրէսի»-ի հաղորդմամբ՝ Արդարադատութեան Միջազգային դատարանին մէջ լսումներու ընթացքին իր ունեցած ելոյթին Եղիշէ Կիրակոսեան յիշեցուցած է, որ 16 Սեպտեմբեր 2021-ին Հայաստան վարոյթ է հարուցած է Ատրպէյճանի դէմ, քանի որ այդ պետութեան կողմէ ռասսայական խտրականութեան աղաղակող քաղաքականութիւն իրականացած է ազգութեամբ հայերուն նկատմամբ։
«Ատրպէյճանի երեխաներուն դպրոցական դասագիրքերուն մէջ կը սորվեցնեն ատել եւ սպանել հայերը։ Պետական լրատուամիջոցները ատելութեան խօսք կը տարածեն, պետական պաշտօնեաները կոչ կ՛ուղղեն ի սպառ վերացնել հայերը։ Ասիկա պետութեան կողմէ թոյլատրուած համատարած այլատիացութիւն է», ընդգծեց Կիրակոսեան։
Ան ընդգծեց, որ ցեղային խտրականութեան այս երկարաժամկէտ պետական քաղաքականութիւնը իր գագաթնակէտին հասած է, երբ Ատրպէյճան նախայարձակ պատերազմ սանձազերծած է Լեռնային Ղարաբաղի բնիկ հայերուն դէմ, որուն յայտարարուած նպատակն էր վերացնել եւ վտարել հայերը իրենց հայրենիքէն։
Եղիշե Կիրակոսեան մէջբերում կատարեց նաեւ Ատրպէյճանի նախագահ Ալիեւի՝ հետագային արտասանած խօսքերէն, որոնց մէջ վերջինս նշած էր, որ թշնամիի (հայերու) նկատմամբ ատելութիւնն է ատրպէյճանցիները յառաջ մղողը։
«44 օր շարունակ ատրպէյճանցի զինուորները կը սպանէին, կը խոշտանգէին բնիկ հայերը եւ հպարտօրէն կը նկարուէին իրենց զոհերուն առջեւ․․․», դատարանին յիշեցուցած է Կիրակոսեան՝ աւելցնելով, որ այս բռնութիւնը եւ ահաբեկումը Ատրպէյճանի կողմէ օգտագործուեցաւ ԼՂ-ի հայերը ցեղային զտման ենթարկելու եւ առնուազն 30 հազար հայեր իրենց հայրենիքէն վտարելու համար։
ՀՀ ներկայացուցիչը պարզաբանեց, որ այս բոլորէն ետք, Հայաստան պատասխան պահանջեց սոյն համաձայնագրին ներքոյ եւ դիմեց դատարան, որպէսզի վերջինս հրատապօրէն պաշտպանէ այն խոցելի բնիկ հայերը, որոնք տակաւին չէին սպանուած և չէին վտարուած իրենց հայրենիքէն։
Ապա աւելցուց․ «Նոյնիսկ Արդարադատութեան Միջազգային դատարանը չկրցաւ կանգնեցնել Ատրպէյճանի այլատիացութեան քարոզարշաւը, որուն արդիւնքով նաեւ ցեղային զտում իրականացաւ»։
Եղիշէ Կիրակոսեան յայտարարեց, որ Սեպտեմբեր 2023-ին Ատրպէյճան յարձակման նախաձեռնեց՝ հարիւր հազարաւոր հայեր ստիպելով հեռանալ իրենց հայրենիքէն։ Ան յիշեցուց, որ մինչ այդ Ատրպէյճան արգելափակած էր Լաչինի միջանցքը, շրջափակած էր Լեռնային Ղարաբաղը՝ զրկելով ԼՂ-ի բնակչութիւնը կենսական անհրաժեշտութեան մատակարարումներէն։ Կիրակոսեան յիշեցուց նաեւ, որ Արդարադատութեան Միջազգային դատարանը Ատրպէյճանէն պահանջած էր բանալ Լաչինի միջանցքը, բայց Ատրպէյճան չկատարեց դատարանի որոշումը։
Ան դատարանին յիշեցուց, որ Ատրպէյճան կը ջնջէ Լեռնային Ղարաբաղի հայկական մշակութային ժառանգութիւնը՝ ընդգծելով, որ այս բոլոր հանգամանքները պատճառ հանդիսացան, որ Հայաստանը դիմէ դատարան։
Անդրադառնալով Ատրպէյճանի ներկայացուցիչին կողմէ նախօրէին հնչած այն յայտարարութիւններուն՝ որոնցմով վերջինս փորձած էր հաւասարութեան նշան դնել Ատրպէյճանի և Հայաստանի միջև՝ Կիրակոսեան անիկա անընդունելի համարեց՝ յայտարարելով, որ այդ փորձերը անլուրջ են եւ կիւնիկեան։
Ան աւելցնելով ըսաւ, որ Ատրպէյճանի համար դժուար է ապացոյցներ ներկայացնել դատարանին, քանի որ անոնք պարզապէս գոյութիւն չունին՝ այդ քայլերը անուանելով Ատրպէյճանի կողմէ հաւասարութիւն դնելու անյոյս փորձ։