13 Ապրիլին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան եւ Հայաստանի Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւորները Վայք եւ Եղէգնաձոր քաղաքներուն մէջ հանդիպում ունեցած են քաղաքացիներուն հետ, քննարկած են երկրին մէջ ստեղծուած իրավիճակը, լսած անոնց տեսակէտները եւ պատասխանած զանոնք յուզող հարցումներուն: