ՀՄԸՄ-ի սկաուտական կեանքին մէջ սկաուտական կարգերը կարեւոր տեղ կը գրաւեն սկաուտին գիտելիքներուն զարգացման եւ սկաուտը իբրեւ ղեկավար պատրաստելու տեսակէտէն, որպէսզի հետագային ան կարենայ պատրաստել ՀՄԸՄ-ի այնպիսի սկաուտներ, որոնք կը զինուին ազգային գիտակցութեամբ եւ իրենց կարելի ներդրումը կը բերեն ազգի վերելքին։
Արդարեւ, հովանաւորութեամբ ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ Շրջ. Վարչութեան, կազմակերութեամբ Սուրիոյ Շրջ. Սկաուտ Խորհուրդին, Ուրբաթ, 12 Ապրիլ 2024-ին, երեկոյեան ժամը 7։00-ին, Արամ Մանուկեան ժողովրդային տան «Լեւոն Շանթ» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ Վկայեալ Կարգի տուչութիւն։
Հանդիսութեան ներկայ գտնուեցան Հոգշ. Տ. Արմէն Աբղ. Գալաճեան, Արժ. Տ. Մաշտոց Ա. Քհնյ. Արապաթլեան, Ազգ. Վարչութեան անդամ Մարալ Գալայճեան-Սեմէրճեան, Պատկան Մարմինի ներկայացուցիչներ, ՀՄԸՄ-ի Կեդր. Վարչութեան ներկայացուցիչ Աւետիս Տէրվիշեան, ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ Շրջ. Վարչութեան ատենապետ Յարութ Օգճեան, Շրջ. Վարչութեան անդամներ, շքանշանակիր ՀՄԸՄ-ականներ, ՀՄԸՄ-ի մասնաճիւղերու վարչութիւններ, սկաուտ խորհուրդներ, մասնաճիւղերու խմբապետներ, հալէպահայ միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ հրաւիրեալներ։
Հանդիսութիւնը սկիզբ առաւ Սուրիոյ, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգներով։ Օրուան բեմավարն էր Լիլիթ Տոլմօղլեան-Փայասեան։
Բացման խօսքով Սուրիոյ Շրջ. Սկաուտ Խորհուրդի անդամ Գարօլին Քէշիշեան մեծարեց ՀՄԸՄ-ի հիմնադիր փաղանգը եւ անոր տարած նուիրական աշխատանքը, ապա անդրադարձաւ միութեան դիմագրաւած դժուարութիւններուն եւ մարդուժի պատրաստութեան հրատապ հրամայականին։
Քեսապի մասնաճիւղի արի-արենոյշներ ներկայացուցին շնորհակալական խօսք՝ Քեսապի բարբառով եւ աշխարհաբարով, ինչպէս նաեւ երգեցին «Հայորդիք» երգը։ Ապա Գամիշլիի եւ Լաթաքիոյ մասնաճիւղերէն արենոյշներ ներկայացուցին նազ պար` «Մախմուր աղջիկ» երգին ներքոյ, նաեւ ասմունք մը, իսկ Հալէպի մասնաճիւղի արի-արենոյշները ասմունքեցին Եղիշէ Չարենցի «Հայկական Դրօշ»-ը։
Հանդիսութեան ընթացքին ցուցադրուեցաւ տեսերիզ մը՝ Վկայեալ Կարգի սեմինարին տեսական ու գործնական բաժիններու բոլոր մանրամասնութիւնները ներկայացնող։

Շրջ. Սկաուտ Խորհուրդի ատենապետ Նազօ Խաչոյեան իր խօսքին մէջ շեշտեց Վկայեալ Կարգի սեմինարին կարեւորութիւնը սկաուտական կեանքէն ներս։ Ան թեկնածուներուն թելադրեց իրենց երդումը վերանորոգելով ըլլալ աւելի նպատակասլաց եւ օրինակելի ՀՄԸՄ-ականներ։ Խօսքի աւարտին, ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք նպաստեցին նշեալ սեմինարի յաջողութեան։
Քոյրերն ու եղբայրները երդման արարողութիւն կատարեցին, ապա օրուան հանդիսավարը յաջորդաբար բեմ հրաւիրեց Հոգեշնորհ Հայր Արմէն աբեղայ Գալաճեանը, ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ Շրջ. Վարչութեան ատենապետն ու Շրջ. Սկաուտ Խորհուրդի ատենապետը՝ հովանաւորելու վկայականաց բաշխումը։

Վկայեալ Կարգ ստացան հետեւեալ 15 քոյրերն ու եղբայրները.
Դամասկոսի մասնաճիւղէն`
– Յարութ Մանուկեան
Հալէպի մասնաճիւղէն`
-Մարիանա Մարգարեան
-Գառնի Կիւլիւմեան
-Գարօլին Ալեքսանեան
-Մելինէ Պէզճեան
-Հրակ Փայասեան
-Ճորճ Թաթոսեան
Լաթաքիոյ մասնաճիւղէն՝
-Հուրի Մուսա

Քեսապի մասնաճիւղէն՝
-Լուսին Քիւրքճեան
-Նշան Հարֆուշեան
-Յովսէփ Բէնդէզեան
-Անդրանիկ Հանէսքէհեան
-Դրօ Աշըքեան
Գամիշլիի մասնաճիւղէն՝
-Նանար Սարգիսեան
-Արազ Կրպոյեան
Սուրիոյ Շրջ. Խմբապետութեան խօսքը արտասանեց Սուրիոյ Շրջ. խմբապետուհի` Թամար Աւետեան-Գատէհճեան։ Ան թելադրեց սկաուտներուն հաւատարիմ մնալ իրենց երդումին` միշտ պատրաստ ըլլալով ծառայելու ազգին ու հայրենիքին, շեշտելով, որ այս մէկը կամք, զոհողութիւն եւ յանձնառութիւն կը պահանջէ։
Աւարտին խօսք առաւ Հոգշ. Տ. Արմէն Աբղ. Գալաճեան եւ շնորհաւորեց Վկայեալ Կարգ ստացող քոյրերն ու եղբայրները, ապա բարձր գնահատեց հանդիսութիւնը կազմակերպողները։
Հանդիսութիւնը փակուեցաւ «Յառաջ Նահատակ» քայլերգով, ապա «Պահպանիչ» աղօթքով։

Նայիրի Ազարիկեան