Չորեքշաբթի, 17 Ապրիլ 2024-ի միջօրէին, քեսապահայութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, գլխաւորութեամբ՝ Քեսապի հոգեւոր տեսուչ Հոգշ. Տ. Եսայի Աբղ. Էօրտէքեանի, Ազգ. Առաջնորդարանէն ներս շնորհաւորական այցելութիւն տուաւ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանին,
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին տնօրինումով Արքութեան տիտղոս ստանալուն ուրախ առիթով։ Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ Ազգ. Վարչութեան եւ Ազգ. Կրօնական Ժողովի անդամներ։

Քեսապի հոգեւոր տեսուչ Հոգշ. Տ. Եսայի Աբղ. Էօրտէքեան խօսք առնելով քեսապահայութեան անունով, որդիական ջերմ զգացումներով շնորհաւորեց Սրբազան Հայրը եւ քաջառողջութեամբ եւ արեւշատ տարիներով լեցուն օրհնաբեր ծառայութիւն մաղթեց անոր։

Յաջորդաբար սրտի խօսքեր արտասանեցին Քեսապի ազգային երեսփոխան Նշան Լնդեանը եւ
Քեսապի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդի ատենապետ Վիգէն Լնդեանը, որոնք իրենց ուրախութիւնը յայտնեցին եւ Սրբազան Հօր առողջութիւն, երկար կեանք, արեւշատ տարիներ եւ Աստուծոյ առաջնորդութեամբ բարեյաջող ծառայութիւն մաղթեցին անոր։
Թաղական խորհուրդի ատենապետը քեսապահայութեան կողմէ յուշանուէր մը եւ արծաթեայ մատանի մը փոխանցեց Սրբազան Հօր։

Սրբազան Հայրը երախտագիտութիւն յայտնեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, որ զինք արժանի դարձուց Արքութեան տիտղոս ստանալու։ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց պատուիրակութեան անդամներուն, յայտնելով, որ թեմին ի պատիւ իրեն տրուեցաւ Արքութեան տիտղոսը, որ զինք առաւել գիտակից կերպով ծառայելու պարտաւորութեան տակ կը դնէ։
Սրբազան Հայրը յիշեցուց, որ բոլորս միասնաբար պիտի աշխատինք մեր կարելին տալով մեր եկեղեցւոյ եւ ազգին։ Ան Ազգ. Վարչութեան եւ Ազգ. Կրօնական ժողովներուն զօրակցութիւնը յայտնեց՝ թեմի ժողովուրդին կարիքները հոգալու։