Սուրիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը հաղորդագրութեամբ յայտնեց, որ Սուրիոյ Հանրապետութիւնը նեցուկ կը կանգնի Իրանին, շեշտելով, որ Իրան իսրայէլեան թիրախներ հրթիռակոծելով պարզապէս իր իրաւունքները կը պաշտպանէ, որպէս պատասխան Դամասկոսի մէջ իրանեան դեսպանատունը թիրախաւորած իսրայէլեան հրթիռակոծումներուն։ Նախարարութիւնը աւելցուց, որ Սուրիա խստիւ կը դատապարտէ Սուրիոյ գերիշխանութեան դէմ իսրայէլեան յարձակումները, յատկապէս Դամասկոսի եւ Հալէպի միջազգային օդակայաններու հրթիռակոծումները: