Այսօր իր մահկանացուն կնքեց սուրիացի հանրաճանաչ գրագէտ, հետազօտ Մուհամմէտ Քըճճէն։

Քըճճէ ծնած է Հալէպ, 17 Դեկտեմբեր 1939-ին։
Իր նախնական կրթութիւնը ստացած է «Ապու Պաքր ալ-Սըտտիք» դպրոցը, ապա երկրորդական ուսումը ստացած է «Ալ-Մաարրի» երկրորդական վարժարանը։
1963-ին աւարտած է Դամասկոսի պետական համալսարանի արաբական գրականութեան ճիւղը։
Մասնագիտացած է արաբական եւ իսլամական քաղաքակրթութեան եւ ժառանգութեան հետազօտութեան մէջ։
Արաբերէն լեզուի դասատու եղած է կառավարական եւ անձնական կարգ մը դպրոցներու մէջ։
80-ական թուականներուն Քարէն Եփփէ Ազգային Ճեմարանի պետական տնօրէն եղած է։
1993-էն ի վեր «Ատիէթ» գրողներու միութեան պատուոյ նախագահութեան պաշտօնը կը վարէր։
2010-էն ի վեր Սուրիոյ մէջ Իւնեսքոյի ոչ-նիւթական ժառանգութեան հարցերու խորհրդատուն էր։
Սուրիոյ Մշակոյթի Նախարարութեան «Ժառանգութիւն» թերթի խմբագիր եղած է։
-Անդամ՝ բազմաթիւ հաստատութիւններու եւ խորհուրդներու, ինչպէս Միջազգային Երուսաղէմ հաստատութեան քարտուղարներու խորհուրդին, Ֆայսալ թագաւորի միջազգային մրցանակի յատուկ քննչական յանձնախումբին, Աղեքսանտրէթի գրադարանի ձեռագրերու կեդրոնի վարչակազմին, «Էպլա» համալսարանի քարտուղարութեան խորհուրդին, Արաբ Հնագէտներու Միութեան, Արաբ Գրողներու Միութեան, Հին Հալէպի Պահպանման Յանձնախումբիպ, Հալէպի Օմայյատ մզկիթի վերականգնումի յանձնախումբին, Ֆրանսայի մէջ սուրիացի գաղթականներու միութեան եւ այլն։
-2008-ին, Սուրիական պաշտօնական պատկերասփիւռի կայանը վաւերագրական տեսերիզ մը հրապարակեց «Մուհամմէտ Քըճճէ… Հալէպի ժառանգութիւն» անունով։
-Պարգեւատրուած է աւելի քան 50 պաշտօնական, մշակութային եւ նախարարական կողմերէ։
-Ստացած է բազմաթիւ գնահատական մրցանակներ, որոցմէ յիշենք «Պետութեան գնահատման մրցանակը» 2016-ին։
-Հրապարակած է հարիւրաւոր ուսումնասիրութիւններ եւ յօդուածներ։
-Վարած է հարիւրաւոր դասախօսութիւններ տարբեր երկիրներու մէջ։
-Մասնակցած է աւելի քան հարիւր գիտական եւ միջազգային ժողովներու մէջ։