Քինցուկին, որ նաեւ յայտնի է որպէս քինցուկուրօյ (kintsukuroi), կոտրուած խեցեղէնի վերանորոգման ճափոնական արուեստն է՝ կոտրուած մասերը իրար զօդել ոսկիի, արծաթի կամ բլաթինի ուրուշի խէժով խառնուած փոշիով:
Այս արուեստը որոշ չափով նման է ճափոնական այլ արուեստի մը՝ մաքի-ին (maki, բառացիօրէն՝ ցօղուած նկար), ուր կոտրուածքներ չկան սակայն. կայ փայտի կամ մետաքսի վրայ նկարուած գեղեցիկ նկար մը, որուն վրայ կնքախէժը (laque) քսելէ ետք ոսկեփոշի կը ցանուի, տարբեր երանգ եւ որակ տալով պատկերուած աշխատանքին:
Քինցուկին ցոյց կու տայ, թէ կարգ մը իրեր նոյնիսկ աւելի գեղեցիկ են, կոտրուելէ ետք այս ձեւով կպցուած ըլլալնուն համար:
Այս արուեստը նաեւ խորհրդանշական իմաստ ունի. մեր կեանքին մէջ յաճախ դժուարութիւններու կը հանդիպինք, որոնք կարծես մարտահրաւէր կը կարդան մեզի, մեր դիմանալու եւ տոկալու կարողութեան, բայց արդիւնքը կ’ըլլայ այն, որ կը դառնանք աւելի ուժեղ, աւելի փորձառու:
Հետաքրքրական է գիտնալ, թէ կպցուած իրերու պարագային, անոնք աւելի արժէքաւոր կը դառնան, որովհետեւ արժէքաւո՞ր նիւթով մը կպցուած են, թէ՞ աւելի արժէքաւոր կը դառնան, կրկին ամբողջացած ըլլալու հանգամանքով: Պէ՞տք է երեւան սպիները մեր պայքարին, կեանքի մէջ մեր յաջողութիւններուն նախորդած ձախողութիւններուն,  գեղեցի՞կ են այդ սպիները, պէ՞տք է պահել, թէ պէտք է ծածկել զանոնք:
Կին մը, որուն ամուսինը մահացեր է ամէնէն ծանր պայմաններուն տակ, կին մը, որ ամուսնալուծուեր է բարդ հարցերով, դերասանուհի մը, որ ձախողեր է, գրագէտ մը, որուն վերջին գիրքը յաջողութիւն չէ գտեր … Նման մարդիկ պէ՞տք է իրենք զիրենք լքեն եւ յանձնուին յուսահատութեա՞ն, թէ՞…
Վերադառնալ եթէ ոչ նոյն կէտին, ապա նման կէտի մը, վերսկսիլ աշխատանքը, ճիգը, առանց կորսնցնելու հաւատքը, հաւատքը նաեւ ինքն իր վրայ, հաւատքը իր աշխատանքին եւ անկէ գալիք յաջողութեան վրայ …
Երբ կը մտածեմ այս արուեստին՝ քինցուկիին եւ անոր յատկութիւններուն մասին, չեմ կրնար զուգահեռ մը չգծել մեր ազգին պատմութեան եւ այս արուեստին միջեւ:
Մեր հայրերը ծանօ՞թ էին քինցուկիին, գիտէի՞ն կոտրած հատուածները ոսկիով կպցնելու այս արուեստը, թէ կեանքին հանդէպ իրենց ունեցած հաւատքն ու կենսասիրութիւնը մղած են զիրենք մի՛շտ ոտքի կանգնիլ մեծ աղէտներէ ետք, ոտքի կանգնիլ աւելի ուժեղ, աւելի ամրօրէն զօդուած հայրենիքին:
Երբ աչքէ անցընենք հայոց պատմութեան էջերը, պիտի նշմարենք այնտեղ բազմաթիւ դէպքեր, որոնք քինցուկիով դարձած են անհաւատալիօրէն գեղեցիկ, երբ պարզ տրամաբանութիւնը կ’ըսէր, որ պէտք էր անհետանար այս ազգը ո՛չ միայն բնական աղէտներու, այլ նաե՛ւ ու մանաւանդ մարդկային – աւելի ճիշդ կ’ըլլայ ըսել՝ անմարդկային – ձեռքով գործուած հաւաքական ոճիրներու ծանրութեան տակ եւ անոնց հետեւանքով:
Վիշտը կրցեր է բուժել մեզ, կրցեր է միացնել, ոսկեզօդել մեր կոտրուած բաժինները, միացնել մեր անցեալը այսօրուան:
Հիմա կը հասկնամ, թէ ինչո՛ւ յաճախ ըսուած է, որ մենք առանց վիշտի, առանց ցաւի չե՛նք կրնար ապրիլ: Կոտրուածքներն ու զանոնք միացնելն է կարծես մեր ազգին, մեր էութեան նպատակը, raison d’etre-ը:
Հետաքրքրական է իմանալ, թէ այս յատկութիւնը – որովհետեւ վստահօրէն կրնամ ըսել, թէ յատկութիւն մըն է ասիկա, որմէ թերեւս զուրկ էին մեզի հետ ճամբայ ելած, բայց կէս ճամբան մնացած ուրիշ ազգեր, մեզմէ աւելի զօրաւոր, մեծ պետութիւններու տէր ազգեր – այս յատկութիւնը բնածի՞ն է, թէ՞ փորձառութեամբ ձեռք բերուած. թերեւս բազմաթիւ աղէտները սորվեցուցեր են մեզի օգտագործել ճափոնական այս արուեստը նաեւ մեր հաւաքական կեանքին մէջ:
Ի՞նչ եղած է մեր կոտրուանքները զօդող ուրուշին, որ կնքախէժով փայտի կամ պաստառի վրայ նկարելու արուեստը ըլլալու կողքին, նաեւ կնքախէժն է անոր:
Ի՞նչն է որ կպցուցեր է մեր էութիւնը, եւ որ յաճախ հրաշք անուաներ ենք, տրամաբանութեան դէմ գացող մեր կրկնուող վերապրումին ի տես:
Մեր ճկունութի՞ւնը դէպքերու փոթորիկներուն հետ շարժելու, եղէգի նման եւ ոչ թէ կաղնիի պէս հաստատ կենալու
հողին, որ, թերեւս, միայն թերեւս մղիչը եղեր է մեր վաղուց ի վեր ապրած աքսորին, տեսակաւոր աքսորներուն եւ գաղթերուն:
Մեզմէ իւրաքանչիւրին կեանքը արուեստով եւ գիտութեամբ նուաճելու կի՞րքը:
Մեր ազնուութի՞ւնը, պարսիկ շահին կանանոցը վերադարձնելէն, մինչեւ Ջարդի օրերուն հայ բժիշկներուն դարմանումը թուրքերուն:
Արդեօ՞ք մեր անցեալի պատմութիւնը, որ շատ աւելի կարեւոր եղած է, քան ոսկիները, զորս տարագրութեան ելլելէ առաջ թաղեցինք, բայց ազգին եւ մեր ընտանեկան պատմութիւնները մեր հոգիին վրայ սեղմած, տարինք մեզի հետ, ո՛ւր որ գացինք:
Թէ՞ հայուն լեռնցիի յամառութիւնը, որ կեանքին մէջ կը թարգմանուի որպէս պայքար:
Երբ գոյատեւումի պայմաններուն ցանկը աչքէ կ’անցնենք, կը կարդանք նաեւ հետեւեալը.
-Քննադատական մօտեցում եւ խնդիրներ լուծելու կարողութիւն.
-Համագործակցութիւն.
-Նախաձեռնող ոգի եւ ձեռներէցութիւն.
-Հետաքրքրասիրութիւն եւ երեւակայութիւն:
Հաւանաբար բոլորս ալ համաձայն ըլլանք, որ հայերը եթէ առաջին երկու պայմանները բնաւ չունին, ապա յաջորդ երկու պայմանները աւելիով ունին: Հանրահաշիւի նման կրնա՞յ ըլլալ որ երկու ժխտականները ջնջեն երկու դրականները … ունին, չունին … եւ մնանք առանց գոյատեւում ապահովող միջոցներու:
Բայց ի՛նչ ալ որ ըլլան պատճառները փիւնիկի մեր իրավիճակին, որքան ալ անհաւատալի ըլլայ մեր ազգային վերապրումը մեծ ու փոքր, սպասելի եւ անսպասելի աղէտներէ, փաստը սակայն կը մնայ փաստ՝ հայ ժողովուրդին պատմութիւնը, իր ամբողջ ընթացքին եւ իր բոլոր մանրամասնութիւններով կը ներկայացնէ սքանչելի երեւոյթ մը վերապրումի, կը դառնայ իսկական հրաշք, իրապէ՛ս գեղեցիկ քինցուկի մը, կոտրտուած պատմութիւն մը՝ ոսկեզօդուած հայուն կենսասիրութեամբ եւ հայկական մշակոյթով:
Մարուշ Երամեան