ԱԿՍԵԼ ԲԱԿՈՒՆՑ (1899-1937)

(125-ԱՄԵԱԿ)

Համազգայինի Հայագիտական Հիմնարկի ուսանողներ՝ Անի Մինասեան, Նայիրի Ազարիկեան եւ Թամար Քէօշկէրեան, իրենց դասապահերու ընթացքին, դասախօսին հետ ուսումնասիրած են Ակսել Բակունցի կեանքն ու գործը եւ պատրաստած ստորեւ ներկայացուած աշխատասիրութիւնը՝ գրողին  ծննդեան 125-ամեակին առիթով։
***
Խորհրդային Հայաստանի երկրորդ տասնամեակը շատ ծանր էր հայ ժողոովուրդին համար. Այդ տարիները, առհասարակ, մարդկութեան պատմութեան ամօթալի էջերէն են: Իրենց չգործած մեղքերուն համար՝ հալածուեցան, աքսորուեցան եւ գնդակահարուեցան հայ մտաւորականներէն շատեր, որոնց շարքին էր նաեւ Ակսել Բակունցը, նոյն ինք Սանդրուն:  Իր բուն անունով Ալեքսանտր Բակունցը ծնած է չնաշխարհիկ Սիւնիքի՝ Զանգեզուրի Գորիս քաղաքը:
Տեղւոյն նախակրթարանը յաճախած ժամանակ իսկ, ձեռք կը ձգէ «խելացի»-ի համբաւը, որուն իբրեւ արդիւնք 152 Գորիսցիներ միատեղ խնդրագիր մը ստորագրելով կը դիմեն Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին, ընդունելու համար Ակսելը իբրեւ սան Գէորգեան ճեմարանէն ներս: 1915-ին կը ծառայէ իբրեւ ուսուցիչ: 1918-ին ազգային բարձր գիտակցութեամբ կը միանայ ազատագրական պայքարի շարժումներուն եւ կը մասնակցի Սարդարապատի հերոսամարտին: 1920-ին կը մեկնի Վրաստան եւ կը դառնայ Խարքովի գիւղատնտեսական ուսումնարանի ուսանող, ապա 1923-ին իբրեւ վկայեալ գիւղատնտես կը վերադառնայ հայրենիք: Բակունց իր մէկ ազգականի կարգադրութեամբ 1924-ին կը նախագահէ դաշնակցութեան ինքնալուծարման ձեւական համագումարի բացման, իսկ հետագային կոմունիստական կուսակցութեան անդամակցելու իր դիմումը մերժուած կը մնայ մինչեւ 1930 թուական: Կը միանայ Չարենցի «Նոյեմբեր» գրական միութեան եւ 1927-ին կը ստորագրէ իր «Մթնաձոր» ժողովածուն եւ զայն կը դնէ հասարակութեան սեղանին վրայ, արժանանալով բարձր ընդունելութեան: Բակունց բնութեան յաւիտենական գեղեցկութիւններու կողքին կը ներկայացնէր դառն ու լուր ցաւեր, վեր հանելով ժողովուրդին ապրած կեանքը:
Արդիւնքով՝ բազմացան անոր համակիրները, միեւնոյն ժամանակ՝ թշնամիները: Չարենց զգուշացնելով Բակունցը կը
գրէ՝ «Քո մթնաձորում թախիծ է ծորում եւ կարօտ մանկուդ հարազատ ձորի: Աշխատի՛ր սակայն, որ այդ մութ ձորում քո պայծառ ուղին յանկարծ չկորի»: Սակայն Բակունց անյողդողդ էր, հարազատ մնալով իր համոզմունքներուն կ’որոշէ միայն գրականութեամբ զբաղիլ: Եւ այսպէս, մամուլին մէջ, անոր դէմ յօդուածներ կը սկսին լոյս տեսնել, ազգայնամոլութեան ու հակայեղափոխական մեղադրանքներ կը հնչեն: Բակունց կը դառնայ անցանկալի անձնաւորութիւն մը: Ան կացութենէն դուրս գալու համար զղջումի գրութիւններով հանդէս կու գայ մամուլին մէջ եւ ներողութիւն խնդրելու նման բաներ կ’ընէ: Վերջապէս 9 Օգոստոս 1936-ին շատերու հետ ինք եւս կը ձերբակալուի:
Բակունց 11 ամիս անասելի ու դաժան չարչարանքներէ ու հարցաքննութիւններէ անցնելով, ֆիզիքական բռնութեամբ կը ստիպուի ստորագրել նախապէս բանաձեւուած արձանագրութիւններու տակ: Անոր ինքնարդարացման ճիգերը ապարդիւն էին, իսկ յուզիչ նամակները՝ անպատասխան: Ան յաճախ կը գրէր, թէ կացութիւնը շատ ծանր է, յուսահատելի եւ իր գոյութեան միակ նպատակը գրականութիւնը համարելով, անդադար գրելու եւ կարդալու կարելիութիւն, գիրք ու մատիտ կը խնդրէր: Սակայն գրողին ոչինչ կրնար օգնել այլեւս: 7 Յուլիս 1937-ին, առաւօտեան ժամը 11:55-ին կը հրապարակուի դատավճիռը: Ան կը դատապարտուի պատիժի առաւելագոյն չափին՝ գնդակահարութեան, անձնական ունեցուածքի բռնագրաւումով եւ անմիջապէս յաջորդ օրը՝  8 Օգոստոսին դատավճիռը կ’իրականանայ ու Բակունց կը նահատակուի: Այսպէս կը շիջի հայ արձակի ամենաշողուն աստղը ու կ’աւարտի երիտասարդ գրողին լուսաւոր կեանքը: Բակունցի տիկինը՝ Վառվառան կ’աքսորուի եւ անոնց որդւոյն խնամքը կը ստանձնեն տիկնոջ հարազատները: Բակունցի եղբայրը՝ Վահրամը, կը փորձէ հաւաքել պետական մշակոյթի տան մէջ ամփոփուած եղբօր ձեռագրերը:
Մեծանուն գրողն ու անբասիր քաղաքացին, իր հայրենիքին նուիրեալ զաւակն ու անմեղ նահատակը՝ Ակսել Բակունցը, անշուշտ արդարացաւ, սակայն ուշացումով, 2 Մարտ 1955-ին:
Անի Մինասեան