Այսօր յուշարձաններու և տեսարժան
վայրերու միջազգային օրն է։

Ամբողջ աշխարհի մէջ կ՚արժեւորեն
յուշարձաններու նշանակութիւնը`
կազմակերպելով տարբեր ձեռնարկներ։

Այս բոլորին զուգահեռ
բռնագրաւուած Արցախի մէջ Ատրպէյճանի
պետական վարչակարգը ամբողջ
աշխարհի աչքին առջև կ՚ոչնչացնէ
մոլորակի մշակութային ժառանգութեան
մաս հանդիսացող քաղաքակրթական
արժէքներ։

Արցախի մէջ գտնուող ամբողջ
մշակութային ժառանգութիւնը կը գտնուի
ոչնչացման և իւրացման վտանգին տակ։

Միջազգային այս օրը անգամ մը եւս
կ՚ահազանգենք, որ Արցախի մէջ
ամէնօրեայ պարբերութեամբ կ՚ոչնչացուի
համաշխարհային, համաքրիստոնէական
քաղաքակրթութիւն։ Եթէ յստակ քայլեր
չձեռնարկուին, մոլորակը կը զրկուի
մշակութային բացառիկ արժէքներէ։