Tert.am-ի հետ զրոյցի ընթացքին ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի համանախագահ Մուրատ Փափազեան` անդրադառնալով ՔՊ-ական պատգամաւոր Անդրանիկ Քոչարեանի այն յայտարարութեան, թէ պէտք է ունենալ այդ 1,5 միլիոն ցեղասպանուած ժողովուրդի անուն մականունները դիտել տուաւ, որ Անդրանիկ Քոչարեան առանց Նիկոլ Փաշինեանի հրահանգին այդպիսի կարեւոր յայտարարութիւն չէր ըներ։
«Հասկնալի է չէ՞, թէ ի՛նչ տեղի կ’ունենայ․ այս հակահայ քայլով Փաշինեան հարցականի տակ կը դնէ Հայոց Ցեղասպանութեան իրողութիւնը։ Մեզի կը յիշեցնեն Թուրքիոյ կողմէ առաջարկուած պատմաբաններու յանձնախումբին մասին, որ պիտի պատմութիւնը նորէնոր ուսումնասիրէր, որպէսզի որոշէր, թէ 1915-ի դէպքերը ցեղասպանութիւն կարելի՞ է համարել, թէ ոչ։ Այս մօտեցումը ամբողջովին անընդունելի է, ցեղասպանութեան փաստը իրողութիւն է, պատմագէտները աշխատած են, 30 երկիր ճանչցած է. վերջ», ընդգծեց ան։
Անոր խօսքին համաձայն, Փաշինեանի իշխանութիւնը ամբողջութեամբ յանձնուած է հայ ժողովուրդի թշնամիներուն՝ ընդունելով, որ Տաւուշի չորս գիւղերը մաս կը կազմեն Ատրպէյճանին, ընդունելով, որ Արցախը ատրպէյճանական տարածք է, հարցականի տակ դնելով Հայոց Ցեղասպանութեան իրողութիւնը։ Անոնք թշնամիներու շահերը կը պաշտպանեն։
«Ի՞նչ իմաստ ունի հաշուել ու պարզել 1,5 միլիոն զոհերու անունները։ Երեւակայենք, որ Թուրքիան այս առաջարկը սեղանի վրայ դրած ըլլար, ամբողջ հայ ազգը կը դատապարտէր, չէ՞, կ’առաջարկեմ դատապարտել այս քայլը։ Բոլորս մերժենք Հայաստանի կառավարութեան քայլը, որ վերադասաւորումի կը փորձէ ենթարկել հայ ազգին պատմութիւնը», յորդորեց Փափազեան։
Ան շեշտեց, որ Փաշինեանի կառավարութիւնը յստակ քաղաքականութիւն վարէ՝ ազգային արժէքները չընդունելու քաղաքականութիւն։
«Չ’ընդունիր, որ շարունակենք ցեղասպանութեան ճանաչման աշխատանքները, չ’ընդունիր, որ Արցախի ժողովուրդի վերադարձի պայքարը սեղանի վրայ ձգենք, չ’ընդունիր սփիւռքը որպէս ազգի մաս, չ’ընդունիր, որ Հայաստանի ժողովուրդը արժանապատիւ ապագայ ապահովէ։ Ան վախի մթնոլորտ կ’ուզէ հաստատել Հայաստանի մէջ եւ համաձայնած է Ալիեւի հետ, Փաշինեան յատուկ ապագայ կը պատրաստէ հայ ժողովուրդին համար՝ ծունկի գալու ապագայ»,ըսաւ ան։
Անդրանիկ Քոչարեանին աւելի ուշ կատարած յայտարարութեան մասին, թէ Ցեղասպանութեան զոհերու անուն ազգանունները պարզելու անհրաժեշտութիւնը զուտ իր անձնական մօտեցումն էր, Փափազեան ըսաւ․ «Սուտ է, փորձ կ’ընեն, կը փորձեն ժողովուրդին զարկերակը»։
Յիշեցնենք, որ Կիրակի օր «Ազատութեան» եթերին Անդրանիկ Քոչարեան յայտարարած էր, որ Փաշինեան նպատակ ունի Ցեղասպանութեան հետ կապուած իրական հիմքեր կառուցել եւ աւելի առարկայական դարձնել ցեղասպանութեան ենթարկուած հայրենակիցներուն ամբողջ ցանկը։ Քոչարեան նոյնը հաստատեց խորհրդարանական ճեպազրոյցներու ընթացքին։
Անդրադառնալով այս նիւթին, Անդրանիկ Քոչարեան ըսաւ. «Ցեղասպանութեան ենթարկուածներու ցուցակներու ամբողջականացման մասին յայտարարութիւնը իմ անձնական մօտեցումն է, քաղաքական որոշում չկայ»:

Հեղինակ Ամալիա Առաքելեան