Հինգշաբթի, 18 Ապրիլ 2024-ի առաւօտուն, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեան, իսլամական Ֆըթըր տօնին առիթով շնորհաւորական այցելութիւն տուաւ Հալէպի առեւտրական գրասենեակի նախագահ տիար Ամէր Համուիին։
Սրբազան հօր կ՚ընկերակցէին Սուրիոյ Խորհրդարանի երեսփոխան եւ Ազգ. Վարչութեան ատենապետ Ժիրայր Րէիսեան, Ազգ. Վարչութեան անդամ Յարութ Չամիչեան եւ Յարաբերական յանձնախումբի ներկայացուցիչ Վրէժ Եագուպեան։

Եղբայրական սիրոյ եւ մտերմիկ մթնոլորտի մէջ, Սրբազան Հայրը շնորհաւորեց առեւտրական գրասենեակի նախագահը՝ Ֆըթըր տօնին առիթով, անոր մաղթելով քաջառողջութեամբ եւ արեւշատութեամբ լեցուն բեղմնաւոր տարիներ:

Հանդիպումին բարեմաղթութիւններ փոխանակուեցան։ Առեւտրական գրասենեակի նախագահը շնորհակալական զգացումներով Սրբազան Հօր նուիրեց “تاريخ تجارة حلب” գիրքը։