Շաբաթ, 20 Ապրիլ 2024-ի առաւօտուն, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեան, իսլամական Ֆըթըր տօնին առիթով շնորհաւորական այցելութիւն տուաւ Հալէպի մուֆթի դոկտ. Մահմուտ Աքքամին։
Սրբազան հօր կ՚ընկերակցէին Ազգ. Երեսփոխանական Ժողովի ատենապետ մեթր Սունպուլ Սունպուլեան, Սուրիոյ Խորհրդարանի երեսփոխան եւ Ազգ. Վարչութեան ատենապետ Ժիրայր Րէիսեան եւ Ազգ. Վարչութեան անդամ Յարութ Չամիչեան։

Եղբայրական սիրոյ ջերմ մթնոլորտի մէջ, Սրբազան Հայրը շնորհաւորեց Հալէպի Մուֆթին՝ Ֆըթըր տօնին առիթով, մաղթելով քաջառողջութիւն եւ արեւշատ տարիներ:

Հանդիպումին բարեմաղթութիւններ փոխանակուեցան եւ փոխ-գործակցութեամբ բոլոր մարտահրաւէրները դիմագրաւելու մասին ակնարկուեցաւ։