Կառավարական հաստատութիւններու աշխատանքը կարգաւորող օրէնսդրութեան բարեփոխման լոյսին տակ, Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ-Ասատ հրապարակեց 2024-ի «19» թուակիր օրէնքը, որուն համաձայն կը վերակազմուի Տեղեկատուութեան Նախարարութիւն, փոխարինելով 1961-ին «186» թուակիր օրէնսդրական հրամանագիրով կազմուած Նախարարութեան՝ իր պարտաւորութիւններով եւ իրաւունքներով։

Օրէնքը կը միտի Տեղեկատուութեան Նախարարութեան առիթը ընծայել համաշխարային տեղեկատուական համակարգին մէջ արձանագրուող զարգացումներուն համընթաց քալելու եւ իր դերակատարութիւնը աշխուժացնելու, յատկապէս տեղեկատուական դաշտի սրընթաց զարգացումին լոյսին տակ։