Մակար Արք. Աշգարեան. «Հայ Ժողովուրդին պատկանող մէկ ու կէս միլիոն նահատակները, որոնք 2015-ին սրբադասուեցան, այսօր իբրեւ սուրբեր մեզի համար կը բարեխօսեն: Ատով հանդերձ, տակաւին իրենց արեան կանչը եւ արդար դատը անլուծելի կը մնան: Հետեւաբար, իբրեւ անոնց հետնորդները շարունակենք մեր պատերազմը, պայքարը, պահանջատիրութիւնը եւ յիշեցումը ողջ աշխարհին, որ իր խղճին վրայ քար դրած՝ խուլ, անհոգ եւ անտարբեր կը ձեւանայ»:

Չորեքշաբթի, 24 Ապրիլ 2024-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Ազգ. Գերեզմանատան մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան 109-րդ տարելիցին նուիրուած Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց եւ իր հայրական պատգամը ժողովուրդին ուղղեց Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեան:

Ազգ. գերեզմատան մուտքին արարողութեան մասնակիցները դիմաւորուեցան ՀՄՄ-ի, ՀԵԸ-ի եւ ՀՄԸՄ-ի տարազաւոր սկաուտներուն կողմէ։

Պատարագին ներկայ գտնուեցան ՀՀ Հալէպի Գլխաւոր Հիւպատոսութեան խորհրդական մեծարգոյ Դաւիթ Թադէոսեան, ՀՀ մարդասիրական առաքելութեան խումբի ղեկավար գնդապետ Արկատի Տօնոյեան, ՀՀ մարդասիրական առաքելութեան 14-րդ խումբի պատասխանատու Դաւիթ Յարութիւնեան, Սուրիոյ Խորհրդարանի երեսփոխան եւ Ազգ. Վարչութեան ատենապետ Ժիրայր Րէիսեան, հալէպահայ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, Ազգ. Երեսփոխանական Ժողովի, Ազգ. Վարչութեան, Ազգ. Կրօնական Ժողովի, հալէպահայ բարեսիրական, մշակութային, մարզական, երիտասարդական, ուսանողական եւ պատանեկան միութիւններու, ինչպէս նաեւ բարեսիրական հաստատութիւններու ներկայացուցիչներ եւ ուխտաւոր ժողովուրդը:
Սուրբ Պատարագին, որպէս առընթերականեր կը սպասաւորէին Արժ. Տ. Մաշտոց Ա. քհնյ. Արապաթլեան եւ Արժ. Տ. Արշակ Ա. քհնյ. Ալաճաճեան:

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը օրուան պատգամը ուղղեց ժողովուրդին, բնաբան ունենալով Պօղոս առաքեալի հռոմայեցիներուն գրած նամակի հետեւեալ համարները. «Կը պարծենանք՝ Աստուծոյ փառքին արժանանալու յոյսով: Եւ ոչ միայն այսքան. այլ տակաւին կը պարծենանք նաեւ մեր նեղութեանց մէջ, գիտնալով որ նեղութիւնները մեզի համբերութիւն կու տան, համբերութիւնը՝ տոկունութիւն, տոկունութիւնը՝ յոյս, իսկ յոյսը երբեք ամօթով չի ձգեր, որովհետեւ Աստուծոյ սէրը տեղ գտած է մեր սիրտերուն մէջ՝ մեզի տրուած Սուրբ Հոգիին միջոցաւ» (Հռ 5.2-5):
Սրբազան Հայրը դիտել տուաւ, որ նեղութիւնները շատերու համար կրնան կործանարար հետեւանք ունենալ, սակայն քրիստոնեայ հաւատացեալներուն համար, Աստուծոյ կողմէ թոյլ տրուած նեղութիւնները աղբիւր կը հանդիսանան առաւել զօրանալու, յոյսով լեցուելու եւ տոկունութիւն ձեռք բերելու, որպէսզի կարողանան դժուարութիւնները դիմագրաւել եւ յաղթական դուրս գալ, այնպէս ինչպէս պատմութեան ընթացքին բոլոր նահատակները, սուրբերը եւ քրիստոնեաները, որոնք Քրիստոսի սիրոյն նեղութիւններու եւ հալածանքներու ենթարկուեցան՝ աւելիով զօրացած դուրս եկան: «Քրիստոնեան կոչուած է մեղաւոր, անարդար եւ իրաւազրկող աշխարհին մէջ հանդիսանալու Աստուծոյ արդար ձայնը եւ այն քաջամարտիկը, որ ճշմարտութեան համար կուրծք պիտի պարզէ ի գին արեան եւ նահատակութեան» հաստատեց ան:
Սրբազան Հայրը յայտնեց ըսելով. «Հայ Ժողովուրդին պատկանող մէկ ու կէս միլիոն նահատակները, որոնք 2015-ին սրբադասուեցան, այսօր իբրեւ սուրբեր մեզի համար կը բարեխօսեն: Ատով հանդերձ, տակաւին իրենց արեան կանչը եւ արդար դատը անլուծելի կը մնայ: Հետեւաբար, իբրեւ անոնց հետնորդները շարունակենք մեր պատերազմը, պայքարը, պահանջատիրութիւնը եւ յիշեցումը ողջ աշխարհին, որ իր խղճին վրայ քար դրած՝ խուլ, անհոգ եւ անտարբեր կը ձեւանայ»:

Սրբազան Հայրը նշեց, թէ 1.5 միլիոն եւ աւելի նահատակներ, այսօր ոգեղինացած ներկայութեամբ կը վկայեն եւ մեր ճամբով կը խօսին: Հետեւաբար, իրենց կեանքի օրինակին հետեւելով եւ մեր հաւատքին մէջ առաւել ժայռացած եւ գօտեպնդուած մեր պայքարը կը շարունակենք՝ հաւատարմութեան եւ պատկանելիութեան գիտակցութեամբ: Այսօր, հայ ժողովուրդը, որ ոչ միայն Հայաստանի եւ պատմական Հայաստանի մէջ, այլ ամբողջ աշխարհով մէկ կը գոյատեւէ, կենդանիօրէն կը վկայէ, կը ստեղծագործէ եւ իր ներկայութեամբ օրհնութիւն եւ բարիք կը դառնայ իր շրջապատին:

Եզրափակելով, Սրբազան Հայրը հրաւիրեց ժողովուրդի զաւակները ներքին համոզուածութեամբ տոկալու, ներքին զօրութեամբ պարծենալու, աստուածային յոյսին կառչած առաջնորդուելու, վստահ ըլլալով, որ Աստուած հաւատարիմ Աստուած է, երբ կը խոստանայ՝ կը կատարէ: Հետեւաբար, մեր դատը արդար է եւ մեր իրաւունքն է պահանջել եւ մեր դատը շարունակ յիշեցնել ողջ աշխարհին, մինչեւ որ քարացած խիղճերը փշրուին եւ մենք վերատիրանանք մեր իրաւունքներուն:

Սրբազան Հայրը աղօթք բարձրացուց առ Աստուած, հայցելով որ Ամենակալը օրհնէ եւ պաշտպանէ Հայաստանը, Արցախի մեր եղբայրները, ծննդավայր Սուրիան, անոր վսեմաշուք նախագահը, բանակը եւ պատասխանատուները:

Մարինա ՉիլԱբօշեան-Պօղիկեան