Չորեքշաբթի, 24 Ապրիլ 2024_ին, յետ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին, Ազգ.գերեզմանատան Հայոց Ցեղասպանութեան Սրբադասուած նահատակներու յուշակոթողին դիմաց տեղի ունեցաւ ծաղկեմատոյց՝ ի յիշատակ մեր սուրբ նահատակներուն։

Արարողութեան մասնակիցները դիմաւորուեցան ՀՄՄ-ի, ՀԵԸ-ի եւ ՀՄԸՄ-ի տարազաւոր սկաուտներուն կողմէ։

Արարողութեան ներկայ էին` հայ երեք հոգեւոր պետերը, հայ երեք քաղաքական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները, Հայաստանի Հանրապետութեան Հալէպի գլխաւոր հիւպատոսութեան խորհրդականը, Հայաստանի Հանրապետութեան Մարդասիրակսն Առաքելութեան խումբի հրամանատարը եւ 14_րդ խումբի ներկայացուցիչը, Իրանի դեսպանութեան մշակութային պատասխանատուն, Պաղեստինեան «Քուտս» գումարտակի քաղաքական թեւի ներկայացուցիչը, Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխաններ, Ազգ.Իշխանութեան անդամներ, Արհեստաւորներու Սենտիքայի ներկայացուցիչներ, սուրիահայ մշակութային, բարեսիրական, երիտասարդական, մարզական եւ հայրենակցական միութիւններու ներկայացուցիչներ, Սուրիական պակերասփիւռի հաղորդավարն ու այլ լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներ, Together եւ SOS հաստատութեանց ներկայացուցիչներ եւ այլք։

Հայերէն բացման խօսք արտասանեց Սօնա Տարագճեան։ Ան յայտնեց, որ դարերու ընթացին վերիվայրումներ ապրած հայ ժողովուրդը ճաշակած է բազում ցաւալի էջեր, սակայն 1894-էն 1923 երկարող Հայոց Ցեղասպանութիւնը տխրագոյն էջը կը կազմէ այդ տանջակիր ժողովուրդին ահաւոր պատմութեան մէջ։ Համիտեան ջարդերով սկսած, Իթթիհատական ծրագրաւորումով գագաթին հասած, Քեմալականով ամբողջացած ու Էրտողանականով շարունակուող այս նենգամիտ քայլը ո’չ Ապրիլ 24_ով սկսաւ եւ ոչ ալ Ապրիլ 24-ով վերջ գտաւ։

Ապա Տարաքճեան շեշտեց, որ ամբողջ աշխարհը պէտք է գիտնայ, որ թուրքի ախորժակը սահման չունի։Երէկ Արցախը, այսօր Զանգեզուրը, վաղը Երեւանը, այսպիսով Արեւմտեան Հայաստանէն ետք կը վերանայ Արեւելեանը։

Ան իր խօսքի աւարտին մէջբերեց Սիամանթոյի հետեւեալ երկտողը._ «Այսքան չարիք թէ մոռանան մեր որդիք, թող ողջ աշխարհ հայուն կարդայ նախանտինք»։ Ան փակեց իր խօսքը ըսելով, որ պիտի յիշենք ու պահանջատէր մնանք, այս պիտի ըլլայ մեր կարգախօսը. իր ետին պահանջատէր վայելող իրաւունքը անմահ կը մնայ։

Արաբերէն բացման խօսքով Վանիկ Մանուէլեան ըսաւ որ միջին Ասիոյ թրքացեղ ժողովուրդներու միանալու թուրքի հին երազը կրնար իրականանալ միայն ու միայն մէկ միջոցով’ հայու վերացումով իր պատմական հողէն. նոյնը կը նկատենք նաեւ այսօր։ Ապա յորդորելով շեշտեց՝ Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման աշխատանքները հարկ է անյապաղ շարունակել բոլոր մակարդակներով, հասնելու համար հայոց ամբողջական ու արդար իրաւունքներու ձեռքբերման։ Ան իր խօսքի աւարտին յայտնեց, թէ մեր իրաւունքի ուժը երբեք պակաս չէ ուժի իրաւունքէն։ Ողջ ազգերու պատմութեան մէջ տեղ չէ ունեցած յուսահատութիւնն ու իրաւունքի մոռացումը։

Այնուհետեւ հանդիսավար Գարօլին Քիւրքլեան_Արոյեան հրաւիրեց պաշտօնական հիւրերն ու միութիւններու ներկայացուցիչները ՀՄԸՄ-ի փողերախումբի նուագին եւ ՀՄՄ-ի, ՀԵԸ-ի եւ ՀՄԸՄ-ի տարազաւոր սկաուտներու ընկերակցութեամբ յուշակոթողին դիմաց ծաղիկներ զետեղելու։

Ցեղասպանութեան յուշակոթողին դիմաց ծաղկեպսակներ զետեղելու եւ նահատակներու յիշատակին առջեւ խոնարհելու համար Հերթաբար հրաւիրուեցան.
_Հայ Երեք Հոգեւոր Պետեր` Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ.Տ.Մակար Սրբ. Արք.Աշգարեան, Բերիոյ Թեմի Կաթողիկէ Հայոց Առաջնորդ Արհիապատիւ Տ.Պետրոս Արք.Միրիաթեան, Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի Համայնքապետ Վերապատուելի Դոկտ.Յարութիւն Սելիմեան։
_Հալէպի երեք կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ` Հ.Յ.Դ._Ի ներկայացուցիչ` Վրէժ Եագուպեան, Ս.Դ.Հ.Կ._ Ի ներկայացուցիչ՝ Աւօ Խոշաֆեան, Ռ.Ա.Կ._ ի ներկայացուցիչ` մեթր Կարպիս Շուշանեան։
_Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութիւն եւ Հայաստանի Հանրապետութեան գլխաւոր Հիւպատոսութեան կողմէ Հալէպի գլխաւոր Հիւպատոսութեան խորհրդական Դաւիթ Թաթէւոսեան։
_Հայաստանի Հանրապետութեան Մարդասիիական Առաքելութեան խումբի ներկայացուցիչ հրամանատար գնդապետ Արկատի Տօնոյեան եւ 14_րդ խումբի ներկայացուցիչ Դաւիթ Յարութիւնեան։
_ Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխաններ` Ժիրայր Րէիսեան, Փիեռ Մրճանէ եւ Ապտօ Մուալլի։
_ Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգ.Վարչութեան անդամներ։
_ Պաղեստինեան «Քուտս» գումարտակի ներկայացուցիչը։
_ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան հիւպատոսութեան մշակութային պատասխանատուն։
_Սուրիոյ Հայ Դատի Կեդրոնական Մարմինի ներկայացուցիչ` Ծերուն Գահուէճեան։
_Արհեստաւորներու սենտիքայի ներկայացուցիչներ։
_Սուրիահայ բարեսիրական միութիւններու` Սուրիահայ Օգնութեան խաչի եւ Հայկական Բարեգործական ընդհանուր միութեան ներկայացուցիչներ։
_SOS բաեսիրական հաստատութեան ներկայացուցիչներ։
_Together հաստատութեան ներկայացուցիչներ։
_Սուրիահայ Մշակութային միութիւններու` Համազգային Հայ Մշակութային եւ Կրթական Միութեան, Թէքէեան Մշակութային Միութեան, Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան, Կրթասիրաց Մշակութային Միութեան, Ազգային Մշակութային Միութեան, Հայ Երիտասարդաց Ընկերակցութեան եւ Գերմանիկ Վասպուրական Մշակութային Միութեան ներկայացուցիչներ։
– Սուրիահայ Մարզական միութիւններու` Հայ Մարմնամարզական Միութեան, Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութեան եւ ՀԵԸ-ի Մարզական Շարժումի ներկայացուցիչներ։
_Սուրիահայ Երիտասարդական Միութիւններու` Քրիստափոր Ուսանողական Միութեան, Տխրունի Ուսանողական Երիտասարդական Միութեան, Սուրիոյ Երիտասարդական Միութեան, Կաթողիկէ Երիտասարդաց Միութեան, Սուրիոյ Պատանեկան Միութեան, Հայ երիտասարդաց Միութեան եւ Հայ Աւետ.Էմմանուէլ Եկեղեցւոյ Քրիստոնէական Ջանից ընկերակցութեան ներկայացուցիչներ։
_ Հայրենասիրական միութիւններու` Ուրֆայի, Քիլիսի, Տարօն Տուրուբերանի, Բալուի, Պէրէճիկի, Մարաշի, Զէյթունի եւ Կարմուճի Տիկնանց ու Վարչութեանց ներկայացուցիչներ։
_Սուրիահայ պատկերասփիւռի հաղորդավար Նիզար Ֆարրա։

Ծաղկեմատոյցի աւարտին հանդիսավարը հրաւիրեց բոլորը մասնակից դառնալու արեան տուչութեան, Ս.Աստուածածին եկեղեցւոյ ներքնասրահէն ներս։

«Գիտցէ՛ք , աշխարհում մի հայ էլ մնա, Հայոց Եղեռնը նա չի մոռանա…նա չի մոռանա Սուրբ սարը Մասիս, Ծովից_ ծով հողը պապերիս»։

Գարօլին Քիւրքլեան