Նախ որոշեցի ոչինչ գրել այս շաբաթ, Ապրիլ 24-ի շաբաթը, որովհետեւ բոլոր խօսքերը ըսուած են եւ բոլոր հարցումները հարցուած: Ի՞նչ կը մնայ ոչինչէն զատ:
Բայց տակաւին վերջերս տեղ մը կարդացեր էի.
«Ինչո՞ւ մարդկային արարածները պատասխաններու պէտք ունին: Մասամբ, կ’ենթադրեմ, որովհետեւ առանց պատասխանի, հարցումը ինք անիմաստ կը հնչէ: … Աւելի մեծ հարցումները, մէկ պատասխանէ աւելի ունեցող հարցումները, առանց պատասխանի, լռութեան մէջ դժուար է դիմակայել: Անգամ մը որ հարցուին, դժուար թէ ուղեղը վերադառնայ իր անհարցում, անդորր վիճակին»:
Իրապէ՛ս, կան հարցումներ, հարցադրումներ եւ հարցեր, որոնք ուղեղիդ կը տիրապետեն _ մանաւանդ որոշ շրջանի մը, որ կապուած կ’ըլլայ որոշ իրադարձութիւններու կամ յուշերու _ որոնք ուղեղիդ մէջ կը ստեղծեն հետզհետէ մեծցող սեւ խոռոչներ, որոնք սեւ խոռոչներու յատկութեամբ կը կլանեն ամէն-ամէն ինչ եւ քեզ կը լքեն այնպիսի պարապի մը մէջ, որ կը շուարիս ի՛նչ ընել:
Ինչպէս հիմա՛, կրկին եկող Ապրիլ 24-ի այս օրը:
«Երբ Ապրիլը գայ, ես ինչպէ՞ս ապրիմ» սկսեր էի քերթուածներէս մէկը, որ մեր պապերուն կեանքին պէս կէս մնացեր էր:
Ցեղասպանութեան 50-ամեակը մեծ շուքով տօնեցինք, Սովետական Հայաստանի մէջ յուշարձան կանգնեցուցինք _ աներեւակայելի բան _ բայց աշխարհը իր աչքն իսկ չթարթեց, խիստ զբաղած ըլլալով Ամերիկեան բանակին Վիեթնամ մուտք գործելով, Հնդկաստան-Փաքիստան սկսած պատերազմով, նացիները դատելով … բայց նաեւ Ցեղասպանութեան ճանաչումին համար Երեւանի մէջ կայացած ցոյցերով:
Քանի մը տարի ետք տարբեր երկիրներու մէջ թուրքերուն դէմ կատարուած տեռորներու շղթան էր:
Եւ անշուշտ՝ իրար ետեւէ _ թէեւ շա՜տ դանդաղօրէն _ Ցեղասպանութեան ճանաչումը, տարբեր երկիրներէ, սկսելով Արժանթինէն, առանց վերջանալու Ուրուկուէյի հետ, որովհետեւ … կը սպասենք, տակաւին կը սպասենք:
Եւ այդ սպասումին հետ կը սկսին հարցումներ ծագիլ մեր հոգիներուն մէջ _ չեմ ըսեր միտքերուն կամ ուղեղներուն, որովհետեւ միտքը շատ լաւ կը հասկնայ թէ այս բոլորը քաղաքականութիւն է. միայն հոգին է եւ սիրտը, որոնք չեն հասկնար եւ անընդհատ հարց կու տան՝ ինչպէ՞ս թէ, ինչո՞ւ …
Ինչո՞ւ այս 32 երկիրներուն կողքին մնացեալ երկիրները եւս, աշխարհի ԲՈԼՈՐ երկիրները տակաւին չեն ճանչցած- ընդունած Հայոց Ցեղասպանութիւնը, երբ փաստերը, որոնք կը ներկայացուին, բնաւ հայկական աղբիւրներէ չէ որ կու գան, այլ նախ Թուրքիայէն՝ Ջարդի օրերուն վիլայէթները ղրկուած բազմաթիւ հեռագիրներ, Պոլսոյ մէջ գտնուող տարբեր երկիրներու դեսպաններու վկայութիւններ, գաւառներուն մէջ ծառայող միսիոնարներու օրագրութիւններ եւ նամակներ, գերմանացի զինուորներու քաշած լուսանկարներ …
Ապա արեւմտեան աշխարհի կարեւոր մտաւորականներու գրած հատորները, ուսումնասիրութիւններն ու վերլուծումները Հայկական Ջարդերուն մասին, ֆրանսերէն, անգլերէն, իտալերէն, գերմաներէն եւ այլ լեզուներով:
Օտար գրագէտներու վէպեր՝ Ֆրանց Վերֆէլի «Մուսա Լերան Քառասուն Օրերը» խորագրով վէպէն, մինչեւ այսօր հրատարակուող վէպերը թուրք վիպագիրներու, ինչպէս Նազէմ Հիքմէթի, Օրհան Փամուքի եւ Էլիֆ Շաֆաքի, յիշելու համար ամէնէն նշանաւորները, որոնք ուղղակի թէ անուղղակի ձեւով կ’անդրադառնան Ցեղասպանութեան:
Ուրեմն ինչպէ՞ս կարելի է ոչ միայն ուշադրութիւն դարձնել այլ եւ լրջութեամբ վերաբերիլ Թուրքիոյ յերիւրանքներուն, լռել այդ բարբաջանքներուն դիմաց եւ թոյլ տալ, որ շարունակուի  ինչ որ սկսուեր էր տակաւին 1894-ին:
Տակաւին՝ ինչո՞ւ երկու չափ երկու կշիռի այս մօտեցումը հայերուն եւ Հայաստանի հանդէպ, երբ գերմանացիները ոչ միայն ընդուներ են իրենց գործած մեծ մեղքը, այլ եւ ահա արդէն քանի տարիէ ի վեր կը հատուցեն, կը վճարեն, եւ շատ անգամ ալ, մեղքի զգացումէն տարուած, տեղի կու տան պահանջներու, որոնց կրնան համամիտ չըլլալ:
Այս բոլորին կարելի էր տոկալ, մտածելով, թէ՝ լա՛ւ, քաղաքականութիւն է, պէտք է դիւանագիտութեամբ մօտենալ, պէտք է վարուիլ գիտնալ, պէտք է գիտնալ թէ արդարութիւնը չէ որ կը յաղթանակէ միշտ, այլ դիւանագիտութիւնը, անհատական շահերը, երկիրներուն շահերը:
Բայց երբ կրկին ու կրկին պատմութիւնը ինքզինք կը կրկնէ անամօթաբար, եւ նոյնքան անամօթաբար ամբողջ աշխարհ կը լռէ, ինչպէս լռեր եւ «անդին» նայեր էր Հայոց Ցեղասպանութեան օրերուն, Կիպրոսի գրաւումի օրերուն, Թուրքիոյ մարդկային իրաւունքներու քանիցս անտեսումին եւ հոն բանող բռնատիրութեան ի տես:
Բայց մանաւանդ Արցախի անօրինական գրաւումին եւ հոն կատարուած եւ շարունակուող մարդկային թէ մշակութային ջարդերուն ի տես _ որովհետեւ եթէ չըլլար Թուրքիան իր հզօր բանակով, Ատրպէյճան պիտի չըլլար հոն, ուր որ է այսօր …
Այս անթիւ-անհամար, խորունկ, անիրաւ հարցումներուն դիմաց կը ջարդենք մեր ուղեղը, պատասխաններ եւ լուծումներ գտնելու համար:
Կը գտնե՞նք:
Բայց չէի՞նք գիտեր:
Երբ Ղեւոնդ Ալիշան (1820-1901), տակաւին շա՜տ առաջ ըսեր էր.
«Ի հարկէ հայ ժողովուրդը լաւ գիտէր, որ իր սեփական ուժերով չպիտի կարողանար թօթափել թուրքական լուծը, ինչպէս առանց Եւրոպայի օգնութեան չպիտի կարողանային անկախանալ ո՛չ Յունաստանը եւ ո՛չ Պուլկարիան»:
Հայ ժողովուրդն ալ, անոնց հետեւելով, յոյսը դրեր էր քրիստոնեայ Եւրոպայի օգնութեան վրայ, մեծ, քաղաքակիրթ պետութիւններու մարդասիրութեան վրայ:
Այստեղ էր հայ ժողովուրդի մեծագոյն եւ բազմաղէտ սխալը:
Կոտորածներու ժամանակ Քարտինալ Թէրզեան Հռոմ կ’երթայ, կ’իյնայ սրբազան Պապի ոտքերը, կ’աղերսէ որ Պապը դիմէ քրիստոնեայ մեծ պետութիւններուն՝ Անգլիոյ, Ռուսիոյ, Ֆրանսայի եւ Գերմանիոյ, որ ջարդարար թուրքին ձեռքը բռնեն:
Սրբազան Պապը կ’ըսէ.
«Այդ քրիստոնեայ մեծ պետութիւններն են հայերը ջարդողները, ես որո՞ւն դիմեմ»:
Այս հատուածը առնուած է Աւետիք Իսահակեանի «Իմ Յուշերս» գիրքէն:
Սիրելի բարեկամուհիս, «Գանձասար»-ի նախկին երկարամեայ խմբագրուհի Մ. Մերթխանեան իր դիմատետրի էջին վրայ գրեր էր, անգամ մը եւս կրկնելով այն բոլոր հարցում-հարցադրում-հարցերը, որոնք կը մրճահարեն ուղեղը անոնց, որոնք դէպքերը կը դիտեն իրապաշտ նայուածքով եւ կը մտահոգուին, տարօրէն, ծանրօրէն կը մտահոգուին.
«Իսկ կա՞յ, մնացե՞ր է ԳՈՆԷ մէկ արժէք, որուն շուրջ համախմբուինք: «Հայրենիք»-ի տարբեր հասկացութիւններ ունինք. սահմանները տարբեր կը տեսնենք: «Հայրենիք» պահելու ձգտումը նոյնը չէ: Լեզուն բաժներ ենք: Պատմութեան մօտեցումները տարբեր են: Թշնամիի եւ բարեկամի նոյն պատկերացումը չունինք:
«Ցեղասպանութիւնը» քննարկման առարկայ է: Ապագան տարբեր կը տեսնենք… Մնացե՞ր է արժէք մը, որուն շուրջ որպէս ՄԷԿ ազգ կրնանք միանալ… Ե՞րբ»:
Կրկին Ապրիլ է, ուրիշներու համար գարնանային երեք ամիսներէն մէկը, մեզի համար՝ ապրելո՛ւ ամիս, բայց նաեւ ազգովին միանալու եւ քաջաբար պատասխաններ գտնելու մեզի եւ աշխարհին համար:
Մարուշ Երամեան