ԱԿՍԵԼ ԲԱԿՈՒՆՑ (1899-1937)

(125-ԱՄԵԱԿ)

Համազգայինի Հայագիտական Հիմնարկի ուսանողներ՝ Անի Մինասեան, Նայիրի Ազարիկեան եւ Թամար Քէօշկէրեան, իրենց դասապահերու ընթացքին, դասախօսին հետ ուսումնասիրած են Ակսել Բակունցի կեանքն ու գործը եւ պատրաստած ստորեւ ներկայացուած աշխատասիրութիւնը՝ գրողին  ծննդեան 125-ամեակին առիթով։
***
Խորհրդահայ գրականութեան կարկառուն դէմքերէն է Ակսել Բակունց։ Ան ծնած է Սիւնեաց գաւառի պատմական Գորիս գիւղաքաղաքը։ Բնութենապաշտ Բակունցի պատմուածքներուն մէջ կարեւոր տեղ կը գրաւեն բնութեան գեղեցիկ տարրերը։
Իր ամենագեղեցիկ պատմուածքներէն մէկն է «Ալպիական Մանուշակը», որուն մէջ կը նկարագրէ բնութեան կենդանացումը եւ այդ բնութեան  գիրկին մէջ ապրող հայ շինականին թշուառ պայմանները։ Սոյն պատմուածքը նուիրուած է Եղիշէ Չարենցի տիկնոջ՝ Արփենիկ Չարենցի յիշատակին։
Պատմուածքին մէջ հեղինակը կը բնութագրէ լեռնային Հայաստանի բնութեան գեղեցիկ պատկերները, ինչպէս՝ աւերակ բերդը, երկնաբերձ լեռները, հոսող գետին շառաչիւնը եւ ալպիական ծաղիկներուն գեղեցկութիւնը, որոնք կը բուսնէին Կաքաւաբերդի պարիսպներուն տակ։ Հեղինակը կը նկարագրէ օճախի առջեւ ծունկի եկող կինը, կորեկի արտին մէջ յոգնած հնձուորը եւ վազվզող երեխաներուն տեսարանները։
Կաքաւաբերդի քարափը կը բարձրանային երեք ձիաւորներ՝ հնագէտը, նկարիչը եւ անոնց ուղեկցողը։ Հնագէտը կը փնտռէր գեղեցիկ գանձեր, սակայն անցնող-գացող գեղեցիկը։ Հնագէտին համար աշխարհը ընդարձակ թանգարան է, ուր գոյութիւն ունի անցեալի գեղեցկութիւնը։ Ան միայն իր մասնագիտութեամբ հետաքրքրուող անձ էր, նոյնիսկ չէր նկատած գեղեցկութիւնը ալպիական ծաղիկին, որ ծիրանագոյն էր եւ որուն ցօղունները կաքաւի ոտքի նման կարմիր էին։ Հնագէտը կ’ոտնակոխէր այդ քնքուշ եւ նուրբ ծաղիկները։ Երկար շրջելէ ետք ան կը գտնէ Բակուր իշխանին դամբարանը։
Իսկ նկարիչը դիւրազգաց եւ երազկոտ անձ մըն էր. իրեն կը թուէր, թէ կեանքը ամբողջութեամբ գեղեցիկ է։ Նկարիչին համար ամբողջ հարստութիւնը իր ծոցին մէջ գըտնուող հաստ տետրակն ու սրածայր մատիտն էին, որոնցմով կարող էր նկարել ճշմարիտ գեղեցիկը։ Ան շուտով նկատեց ալպիական ծաղիկներուն գեղեցկութիւնը եւ աւերակ բերդին գեղեցիկ
տարրերը։
Բակունց իւրայատուկ ոճով պատմուածքին մէջ կը կրկնէ հետեւեալ նախադասութիւնը. «Բուրմունքից արբեցած մի բզէզ քնել էր առէջքների մէջ եւ նրան այնպէս էր թուում, թէ աշխարհը հոտաւէտ բուրաստան է»։
Պատմուածքին աւարտին, երբ ձիաւորները կը հանգստանային վրանի մը մէջ, նկարիչը նկատեց գեղեցկութիւնը գիւղացի կնկան, որ այնքան նման էր ծովափնեայ ծանօթ գեղեցկուհիին։ Նկարիչը մատիտի արագ շարժումով սպիտակ թուղթի մը վրայ նկարեց օճախի մօտ նստած կինը։
Պատմուածքին մէջ կը գտնենք փիլիսոփայութիւն։ Հեղինակը կը նկարագրէ տարբեր մարդոց աշխարհայեացքը եւ անոնց արժէքները։ Նկարիչը եւ հնագէտը իրենց կերպարներով կը բնութագրեն այն արուեստագէտները, որոնք կեանքը կը դիտեն բզէզի աչքով եւ չեն տեսներ իրականութիւնը։ Իսկ ալպիական մանուշակը կը խորհրդանշէ բնութեան գեղեցկութիւնը՝ դառնալով պատմուածքին միակ օղակը։
Թամար Քէօշկէրեան