Կիրակի, 2 Յունիս 2019-ի յետմիջօրէին, ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը դիմաւորուեցան Հայ Կաթողիկէ Համայնքի եկեղեցական դասուն եւ Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ ներկայացուցիչ մարմիններուն կողմէ ժողովրդապետութեան դահլիճէն ներս։

Արժ. Տէր Կոմիտաս Քհնյ. Տատաղլեան խօսք առնելով նախ փոխանցեց Արհիապատիւ Գերապայծառ Տիրոջ ողջոյնները, բարեմաղթութիւնները եւ շնորհաւորութիւնները Հայաստանի Հանրապետութեան կերտման 101-ամեակին առիթով, որ մեր հազարամեայ պատմութեան ամենակարեւոր իրադարձութիւններէն մէկը հանդիսացաւ։ Անկախութիւն մը, որ արիւնով ու զոհերով ձեռք բերուեցաւ։ Ապա պատմական ակնարկ մը ներկայացուց համայնքի եկեղեցական-ազգային գործունէութեան մասին, ներկայացուց Սուրիոյ մէջ անոր կառոյցները, մանաւանդ պատերազմի պատճառով վնասուած դպրոցները եւ կիսաքանդ դարձած Աթոռանիստ Մայր եկեղեցին, որ ներկայիս վերաշինութեան փուլի մէջ է։ Ապա Տէր Կոմիտաս յիշեց սիրոյ, փոխադարձ յարգանքի եւ միասնականութեան ոգին, որ կը տիրէ այստեղ՝ հալէպահայութեան երեք համայնքապետներուն շնորիւ։

Իր կարգին ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան զեկուցեց Հայաստանի ներքին իրադարձութիւններուն մասին եւ կոչ ուղղեց պահպանելու Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք միասնականութիւնը, յիշելով Չարենցի հետեւեալ խօսքը. «Ո՛վ Հայ ժողովուրդ, քո միակ փրկութիւնը քո հաւաքական ուժի մէջ է»։ Ապա ան բարձրօրէն գնահատեց համայնքի յարանուանութիւններուն սերտ յարաբերութիւնը եւ գործակցութիւնը, մանաւանդ վերջին տարիներուն: