Արժանապատի՛ւ քահանայ հայր,

Ազնուափա՛յլ տիկին Պարսումեան,

Սգակի՛ր հարազատներ եւ ընկերներ,

Աշխարհիս երեսին կան մարդիկ, որոնց հետ մեր ծանօթութիւնը կրնայ կարճատեւ եղած ըլլալ, կրնանք նոյնիսկ զիրենք անձամբ ճանչցած չըլլալ, սակայն անոնց ազդեցութիւնը կ՚երկարի մեր առօրեային մէջ եւ կամայ-ակամայ կը հասնի մեզի։

Տակաւին Հալէպի բարգաւաճ օրերուն էր, երբ իբրեւ օրուան Համազգայինի թատերականի նորեկ անդամներ, պզտիկ խմբակով մը ուղղուեցանք դէպի Աուճէթ Քայիալի թաղամաս, յատուկ առաքելութեամբ։ Պէտք էր հանդիպում ունենալ Ռուբէն Պարսումեանի հետ, անկէ խնդրելու արխիւային նիւթեր եւ լրացուցիչ տեղեկութիւններ՝ մեր արխիւները ամբողջացնելու համար։

«Ո՞վ է Ռուբէն Պարսումեան», հարցուցած էինք։ Պատասխանը շատ պարզ ու կտրուկ էր՝ Զաւարեան Թատերական Միաւորի հիմնադիրը։

Պարտականութեան գիտակցութենէն աւելի հետաքրքրութիւնն էր մեզ առաջ մղողը, եւ մենք մեզ գտանք հնաոճ իրերու այն հրաշալի խանութին մէջ, որ կարծէք հեքիաթներու էջերէն դուրս եկած ըլլար, իսկ անոր տէրը՝ հանգուցեալ Ռուբէն Պարսումեան, կարծէք հեքիաթային քարայրին մուտքին նստած իմաստուն ծերունին էր, որ մեզ դիմաւորեց ամենայն ջերմութեամբ։

Ժամեր տեւած մեր հանդիպումը կարճ վայրկեանի մը պէս անցաւ։ Ընթացքին, մենք՝ թատրոնի նորեկներս, ափիբերան մտիկ կ՚ընէինք երկար տարիներու փորձառութիւն ապրած համազգայնականին իմաստունին խօսքերը։ Երբեմն զուարճախօսութեամբ, երբեմն լրջութեամբ, այդ մէկ հանդիպումին ընթացքին այնքան տեղեկութիւն հաւաքեցինք, որ աւարտին մեզմէ իւրաքանչիւրը նոր հարստութիւններով ծանրաբեռնուած դուրս եկաւ կախարդական քարայրէն։
Մեզի համար առաւել հետաքրքրականը այն էր, որ Ռուբէն Պարսումեան յանդգնութիւն ունեցած էր նոյնիսկ Հալէպի մէջ անձնակա՛ն թատերախումբ հիմնելու, յաճախանք մը, որ մեզմէ իւրաքանչիւրը ունեցած է, առանց ունենալու նաեւ բաւարար քաջութիւնը այդ քայլին դիմելու։

Աւելի քան քսան թատերգութիւն բեմադրած, կրկնապատիկին մասնակցած ու միայն Աստուած գիտէ զանազան միութիւններու քանի-քանի զաւեշտ բեմադրած Պարսումեան, այնքան մանրամասն կը յիշէր ու մեզի կը պատմէր իւրաքանչիւր ներկայացումի հանգամանքները, ընթացքին դիմագրաւած դժուարութիւններն ու զաւեշտալի դէպքերը, որ կ՚ըսէք դեռ երէկ էին այդ բոլորը։

«Սուրիահայ Թատրոնը 1900-էն Մինչեւ Մեր Օրերը» ուսումնասիրութեան հեղինակը, հին ու նոր իւրաքանչիւր ներկայացումի տեղեակ էր, անոր ներկայ եղած անդամներուն չափ ու թերեւս բան մըն ալ աւելի։

Պարոնեանի ու Մոլիէրի սիրահարը հանգամանօրէն ուսումնասիրած էր նաեւ Պարոնեանի «Պաղտասար Աղբարը» գլուխ գործոցը՝ «Պաղտասար Աղբարի Դիմակին Տակ» խորագրով։
Հետաքրքրութեամբ տեղեկացանք, որ 1930-ին ծնած եւ 15 տարեկանին բեմ բարձրացած Ռուբէն Պարսումեան, ոչ միայն թատրոնի, այլ ընդհանրապէս հայ մշակոյթի ջերմեռանդ ծառաներէն էր։ Թատրոնի արխիւներուն կողքին, ծայրայեղ խնամքով պահած էր նաեւ հայ մամուլի հազուագիւտ օրինակներ, զանազան արհեստներու, յատկապէս ձուլագործութեան մէջ հայ արհեստաւորներու մասին տեղեկութիւններ, այլ խօսքով՝ ամէն այն, ինչ որ կրնայ հետաքրքրել հայ մշակոյթի մասին պրպտումներ կատարողը։ Անտիպ կը մնայ տակաւին անոր «Սուրիահայ 12 Մետաղագործ Արհեստներու Պատմութիւն» ուսումնասիրութիւնը։ Առաւել եւս հեղինակած է բազմաթիւ յուշարձաններ՝ Հալէպէն մինչեւ Պուէնոս Այրէս եւ արժանացած սուրիական ու միջազգային ցուցահանդէսներու մրցանակներու, ինչպէս նաեւ եղած է «Զաւարեան» գրադարանի օգնական գրապահ եւ գրադարանի վարիչ։ Այլ խօսքով՝ ապրած է հարուստ կեանք մը, որմէ ամէնքս օրինակ քաղելու ենք։

Հազիւ մէկ շաբաթ առաջ էր, երբ անգամ մը եւս անցայ Աուճէթ Քայիալի թաղամասէն։ Պատերազմի չար ոգին անցած է հոնկէ եւ քանդած ամէն բան։ Աւերակ մըն է նաեւ հնաոճ իրերու կախարդական խանութը, իսկ անոր տէրը, այլեւս չկայ…

Յուսահատի՞լ, բնա՛ւ…
Երեկոյեան, երբ կ՚իջնէի «Զաւարեան» մշակութային կեդրոնի աստիճաններէն ու վարէն կը լսէի արդէն թատերգութեան փորձի սկսած ընկերներուս ձայնը, կատարելապէս բաւարարուած էի։ Կարելի է շէնքերը քանդել, իրերը թալանել, մարդիկ ալ բնական ու անբնական պայմաններով կը մահանան, բայց ոգի՛ն, թատրոնի, մշակոյթի՛ ոգին անմահ կը մնայ։ Ռուբէն Պարսումեանի իսկական ժառանգութիւնը հո՛ն է, «Զաւարեան» կեդրոնէն ներս, իւրաքանչիւր թատերական ներկայացումի մէջ։

Թատերական Միաւորի այսօրուան երիտասարդ մեր անդամները, կրնայ ըլլալ որ անձամբ ճանչցած չըլլան զինք, սակայն անոր ձգած ժառանգութեան բծախնդիր պահապանները պիտի ըլլան, անկասկած…։

Այս տխուր առիթով, Համազգայինի Սուրիոյ Շրջ. Վարչութիւնը, Թատերական Միաւորի Վարչութիւնն ու ամբողջ ընտանիքը սրտագին ցաւակցութիւններ կը յայտնեն հանգուցեալին տիկնոջ, զաւակներուն ու հարազատներուն, խոստանալով, որ տէր պիտի կանգնին անոր ժառանգութեան։

Խունկ եւ մոմ շիրիմիդ, մեր միաւորի հիմնադիր, Ռուբէն Պարսումեան։

 

Յուշիկ Ղազարեան
Հալէպ