8 Յունիսին, ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան այցելած էր  Այնճար, ուր կարճ հանդիպում ունեցած էր «Կարմիր Լեռ» կոմիտէին հետ: Հանդիպումին ներկայ էին նաեւ ՀՅԴ Լիբանանի ԿԿ-ի անդամներն ու Այնճարի քաղաքապետը:

Յակոբ Տէր Խաչատուրեան այցելած է նաեւ քաղաքապետարան, ուր ծանօթացած է նորակառոյց թանգարանի շինարարական աշխատանքներուն: ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը բարձրօրէն  գնահատած է Այնճարի կարեւորութիւնը եւ «հայակերտման ու հայկական արժէքներու պահպանման սուրբ գործը, որ կը կատարուի ու Այնճարը կը պահէ պատնէշի վրայ»:

ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԻՒՆ ԿԻՊՐՈՍԻ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԷՆ ՆԵՐՍ

Կիպրոսի խորհրդարանի նախագահ Թիմիտրիս Սիլուրիս 10 Յունիսին ընդունած է հայկական պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմած են ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի Մարմինի նախագահ Գասպար Կարապետեան եւ գործադիր տնօրէն Հեղինէ Էւինեան:

Հանդիպումին մասնակցած են նաեւ Կիպրոսի խորհրդարանի հայ պատգամաւոր Վարդգէս Մահտեսեան, ՀՅԴ Կիպրոսի ԿԿ ներկայացուցիչ Սիմոն Այնէճեան եւ Կիպրոսի Հայ Դատի Մարմինի ներկայացուցիչ Յակոբ Գազանճեան:

ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը 9 Յունիսին իբրեւ պատգամախօս Կիպրոսի մէջ ներկայ եղած է Հայաստանի Հանրապետութեան Ա.Անկախութեան 101 ամեակին:

10 Յունիսին Կիպրոսի մէջ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան  մասնակցած է ՀՄԸՄ 100-ամեակին նուիրուած յուշարձանի բացման: