Այս շաբաթ զինուորական գետնի վրայ արձանագրուած դէպքերը, տեղական եւ միջազգային կարգ մը լուրերը առանցքային տեղ կը գրաւէին սուրիական մամուլին մէջ:
Դիւանագիտական ոլորտին մէջ, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ Երկուշաբթի, 10 Յունիս 2019-ին Ռուսիոյ մէջ Հարաւային Օսեթիոյ դեսպանատունը յայտնած է, թէ Փեթերսպուրկի տնտեսական միջազգային համաժողովին ընթացքին, Օսեթիոյ Հանրապետութեան պատուիրակութիւնն ու սուրիական պատուիրակութիւնը խորհրդակցեցան երկու երկիրներուն միջեւ դիւանագիտական այցելութիւններուն թափ տալու մասին: Օսեթիոյ դեսպանատունը հանդէս եկաւ հաղորդագրութեամբ, յայտնելով որ. «Պատուիրակութիւնները խորհրդակցեցան նաեւ երկու երկիրներուն առեւտրական, տնտեսական եւ մշակութային գործակցութեան միջոցներուն շուրջ, առաջարկելով Դամասկոսի եւ Ձխինվալի մէջ ցուցահանդէսի կեդրոններ հաստատել՝ սուրիական-օսեթեան այլազան արտադրութիւններ ցուցադրելու եւ վաճառելու համար»: Հաղորդագրութեան մէջ յիշուած էր նաեւ, որ Սուրիոյ տնտեսութեան եւ արտաքին առեւտուրի նախարար Սամէր Խալիլ հրաւիրեց Օսեթիոյ նախագահ Անաթոլի Պէպէլովը՝ ներկայ գտնուելու Դամասկոսի Միջազգային Ցուցահանդէսին, որ տեղի պիտի ունենայ 28 Օգոստոս 2019-ին:
Երկուշաբթի, 10 Յունիս 2019-ին, սուրիական «Ուաթան» թերթը յայտնեց, որ սուրիական բանակը բուռն մարտերով ետ մղեց Համայի հիւսիսային Մահարտէ քաղաքին Թալ Մալահ, Ճպին եւ Ճալմա գիւղերուն մէջ կայք հաստատած զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներու յարձակումները: Աղբիւրին համաձայն, զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներու շարքերուն մէջ բազմաթիւ վնասներ եւ մեռեալներ արձանագրուած են:
Ռազմական գետնի վրայ, «Տամ Փրէս» կայքը յայտնեց, որ Չորեքշաբթի 12 Յունիս 2019-ին, գիշերուան ժամը 2:00-ին, սուրիական հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը դէմ դրին սուրիական հարաւային Տարաա քաղաքի Թալ ալ Հարա շրջանին ուղղութեամբ Իսրայէլի արձակած հրթիռներուն, վար առնելով անոնց մեծամասնութիւնը: Աղբիւրին համաձայն արձանագրուած են նիւթական վնասներ, բայց մարդկային զոհեր չկան:
Կրթական գետնի վրայ, սուրիական «Շամ Թայմզ» կայքէջէն կ’իմանանք, որ Երկուշաբթի, 10 Յունիս 2019-ին, Սուրիոյ տարբեր նահանգներէն աւելի քան 300.000 աշակերտ-աշակերտուհիներ 2434 կեդրոններու մէջ յանձնեցին 2018-2019 տարեշրջանի միջնակարգի 9-րդ կարգի (պրովէ) պետական առաջին քննութիւնը:
Իսկ Կիրակի, 9 Յունիս 2019-ին, աւելի քան 240.000 աշակերտ-աշակերտուհիներ 2066 կեդրոններու մէջ յանձնեցին երկրորդականի 12-րդ կարգի (պաքալորիա) գիտական եւ գրական բաժիններու առաջին քննութիւնը:
Նախօրօք, Սուրիոյ Կրթութեան Նախարարութիւնը յայտնած էր, որ պատկան մարմիններ կարելի բոլոր միջոցները ի գործ դրած են քննութեանց ընթացքը բնականոն հունի մէջ պահելու եւ քննութեան բարենպաստ մթնոլորտ ստեղծելու համար: