Տարաա- ՍԱՆԱ-ի թղթակիցը հաղորդեց, որ Չորեքշաբթի, 12 Յունիս 2019-ին, գիշերուան ժամը 2։00-ին, սուրիական հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը դէմ դրին սուրիական հարաւային Թալ ալ Հարա շրջանին ուղղութեամբ Իսրայէլի արձակած հրթիռներուն, վար առնելով անոնց մեծամասնութիւնը։
Աղբիւրին համաձայն, վնասները նիւթական են եւ մարդկային զոհեր չկան։