Երկուշաթբի, 17 Յունիս 2019-ի միջօրէին, Սուրիական Արաբական Հանրապետութեան Մուֆթի՝ Շէյխ Ահմատ Պատրըտտին Հասսուն պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Բերիոյ Հայոց Թեմի նորընտիր Առաջնորդին՝ Գերշ. Տէր Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեանի:

Ազգ. Առաջնորդարանի դահլիճէն ներս տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին, Մուֆթին ջերմապէս շնորհաւորեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ ընտրուելուն առիթով եւ յաջողութեան ու արեւշատութեան իր մաղթանքները յայտնելով վստահեցուց, որ հոգեւոր առաջնորդները միասնաբար, գործակցութեան ոգիով սատար պիտի հանդիսանան Սուրիական Հայրենիքի վերականգնումի աշխատանքներուն:

Իր կարգին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր ուրախութիւնը յայտնեց Սուրիական Հանրապետութեան Մուֆթիին այցելութեան առիթով, շեշտելով, որ հպարտ է Սուրիական Հայրենիքին, Սուրիոյ ժողովուրդին ու հայ համայնքին ծառայութեան նուիրուելուն համար:

Մտերմիկ մթնոլորտի մէջ ընթացած հանդիպումին ներկայ էին նաեւ Մուֆթիի գլխաւոր քարտուղար Պասէլ Ղըս Նասրալլա, իսլամ կրօնաւորներ, ինչպէս նաեւ Ազգ. Երեսփոխանական ժողովի անդամ Կարօ Իւզպաշեան, Ազգ.Վարչութեան ատենապետ Տարօն Մակարեան, Ազգ. Վարչութեան եւ Կրօնական Ժողովի ներկայացուցիչներ: