Արցախփրէս».-Խարկովի ֆիզիքական մշակոյթի պետական համալսարանի առաջին կարգի ուսանող Արթուր Մարտիրոսեան ուսանողական հանրակացարանին մէջ տեղի ունեցած դէպքի մը հետեւանքով ծանրօրէն վնասուած է:
18-ամեայ Արթուրը, որ ըմբշամարտով կը զբաղի, հանրակացարանին մէջ ընկերացած է ատրպէյճանցիի մը հետ, որ զինք երեկոյթի հրաւիրած է: Հոն գտնուած են նաեւ այլ ատրպէյճանցիներ: Երեկոյթի ընթացքին Արթուրը վատ զգացած է եւ վերադարձած է իր սենեակը: Քիչ յետոյ անոր մօտ եկած են ատրպէյճանցիները, հետաքրքրուելով անոր առողջական վիճակով:
Արթուրը նկատած է, որ ատրպէյճանցիները պայուսակ մը ձգած են իր մօտ եւ անձնագրեր ու անդրադարձած է, որ այդ պայուսակին մէջ թմրանիւթ կայ: Ան ենթադրած է, որ այդպիսով փորձած են զրպարտել զինք, սակայն ցոյց չէ տուած, որ հասկցած է եղելութիւնը:

Ան սպասած է մինչեւ ատրպէյճանցիներուն մեկնումը, ապա պատուհանէն դուրս նետած է պայուսակն ու անձնագրերը: Ատրպէյճանցիները տեսած են, ետ վերադարձած են, կոտրած են դուռը եւ ծեծի ենթարկած են Արթուրը: Արթուրը հասած է մինչեւ պատուհան եւ օգնութիւն կանչած է: Այդ ժամանակ ատրպէյճանցիները զինք դուրս նետած են պատուհանէն: Եղելութիւնը «ХарківTimes» լրատուականին պատմած է Արթուրի հայրը` Սերքօն:
Արթուրը հրաշքով ողջ մնացած է: Ան սողալով հասած է մինչեւ ինքնաշարժի սպասման վայր: Պահակը նկատած է եւ չէ ձգած որ տարածք մուտք գործեն ատրպէյճանցիները: Ան ոստիկանութիւն կանչած է: Արթուրը շտապօգնութեան մեքենայով տեղափոխուած է հիւանդանոց: Անոր մօտ ախտորոշուած է կոնքոսկրի եւ ազդոսկրի կտրուածք, կոնքոսկրերու տեղաշարժ: