«Երկիր».-Արցախի եւ ԱՄՆ-ի միջեւ, ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահող միւս երկու երկիրներու հետ տարբեր մակարդակներով ուղղակի պաշտօնական շփումներու միջոցով երկխօսութիւնը բազմակողմանի քննարկումներու եւ ատրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան վերջնական լուծման ուղիներ գտնելու համար նպաստաւոր պայմաններ կը ստեղծէ եւ Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան ապահովման գործին կարեւոր ներդրում կը դառնայ:
Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Անի Սարգսեան, պատասխանելով «Ապառաժ»ի այն հարցումին, թէ ինչպէ՛ս կը մեկնաբանէ քոնկրեսական Ֆրենք Փալոնի՝ 13 Յունիսին Քոնկրեսին մէջ կատարած այն յայտարարութիւնը, որ անհրաժեշտ է վերացնել Միացեալ Նահանգներու պաշտօնատար անձերուն Արցախ այցելելու արգելքը՝ ըսաւ, որ Արցախի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ, ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահող միւս երկու երկիրներուն հետ տարբեր մակարդակներով ուղղակի պաշտօնական կապերու միջոցով երկխօսութիւնը բազմակողմանի քննարկումներու եւ ղարաբաղեան հակամարտութան վերջնական լուծման ուղիներ գտնելու նպաստաւոր պայմաններ կը ստեղծէ եւ Հարաւային Կովկասի մէջ կայունութեան ապահովման կարեւոր ներդրում կը դառնայ:
«Բարձր կը գնահատենք ԱՄՆ քոնկրեսական Ֆրենք Փալոնի Արցախի եւ ԱՄՆի միջեւ ուղիղ կապերու հաստատման ուղղուած հետեւողական գործունէութիւնը, որ, կը կարծենք, Արցախի մեկուսացման անընդունելիութեան ազդանշանը կը դառնայ», ըսաւ ան։