ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինին նախաձեռնութեամբ կեանքի կոչուած է Հայաստանի մէջ հաստատուած սփիւռքահայերու խորհրդատուութեան գրասենեակը:

Գրասենեակի գործառոյթն է խորհրդատուական օգնութիւն տրամադրել Հայրենիքի մէջ հաստատուած մեր հայրենակիցներուն, ճշգրիտ ձեւով ուղղորդել զիրենք դիմագրաւուած հարցերու լուծման համար:

Գրասենեակը խորհրդատուութիւն կը տրամադրէ ՀՀ քաղաքացիութիւն ձեռք բերելու, կացութեան, վարորդական իրաւունք ստանալու, գրանցումի, հայկական բանակին մէջ ծառայելու, նաեւ կրթական, առողջապահական, ապահովագրութեան, աշխատանքային, շարժական եւ անշարժ գոյքի գրանցման եւ այլ հարցերու համար:
Հարցերու լուծումին համար գրասենեակը նաեւ պատրաստ է դիմել պատկան մարմիններու, կառոյցներու եւ պաշտօնատար անձերու:
Սփիւռքահայերու խորհրդատուութեան գրասենեակի հասցէն է` Հանրապետութեան 30, «Սիմոն Վրացեան» կեդրոն, 1-ին յարկ, 16-րդ սենեակ:
Դիմատետրի էջ` Հայրենադարձ/ Repat
Հեռախօսահամար` 094-94-519-119
Էլ. հասցէ` hayrenatarts@gmail.com
Գրասենեակ կ’աշխատի ամէն օր` Երեւանի ժամանակով 11:00-15:00-ն, բացի շաբաթ եւ կիրակի օրերէն: