Երեքշաբթի, 18 Յունիսի միջօրէին, Բերիոյ Հայոց Թեմի նորընտիր Առաջնորդը եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը, նախքան Լաթաքիոյ հայ համայնքին տրուած հովուական այցելութիւնը, այցելեցին Լաթաքիոյ Նահանգապետ Իպրահիմ Խտըր Սալեմին:

Հանդիպումին ընթացքին Առաջնորդ Սրբազան Հայրը յայտնեց, որ հայ ժողովուրդը Սուրիան կը համարէ յարութեան հայրենիք: Հայրենիք, որ Օսմանեան Կայսրութեան կազմակերպած Հայոց Ցեղասպանութենէն ետք, շատ բան տուաւ հայ ժողովուրդին ու սատար կանգնեցաւ անոր զարթօնքին: «Սուրիահայութեան բարոյական եւ կրօնական պարտաւորութիւնն է պաշտպանել Սուրիոյ գերիշխանութիւնն ու կայունութիւնը: Կ՛աղօթենք առ բարձրեալն Աստուած, որ պահպանէ Սուրիան եւ անոր բանակը, որոնք համայն աշխարհին եւ մարդկութեան փոխարէն կը պայքարին ահաբեկչութեան դէմ», ըսաւ սրբազան հայրը, աւելցնելով, որ Սուրիոյ մէջ թէ դուրս ապրող հայերը հաւատարմօրէն պիտի մասնակցին Սուրիոյ վերականգնումի աշխատանքներուն:
«Սա Սուրիոյ մէջ, անոր իմաստուն նախագահին հովանիին ներքեւ հոգեկան եւ ֆիզիքական խաղաղութեամբ ապրող սուրիահայութեան դերն ու առաքելութիւնը կը համարենք նաեւ», շեշտեց սրբազան հայրը:

Իր կարգին, նահանգապետը ողջունելով Առաջնորդ Սրբազան Հօր հովուական անդրանիկ այցելութիւնը Լաթաքիա, յայտնեց, որ սուրիահայութիւնը անքակտելի մէկ մասնիկն է սուրիական ընկերութեան խճանկարին: Այն մասնիկը, որ հաւատարիմ մնալով Սուրիական Հայրենիքին, մասնակից դարձաւ Սուրիոյ պաշտպանութեան, վերականգնումի եւ վերածաղկումի աշխատանքներուն:
Նահանգապետը իր պատրաստակամութիւնը յայտնեց սատար կանգնելու համայնքի տարբեր աշխատանքներուն եւ իր խօսքը եզրափակելով յաջողութիւն մաղթեց սրբազան հօր եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութեան:

Հանդիպումին ներկայ էր նաեւ Լաթաքիոյ նահանգի հասարակական կապերու պատասխանատու Անաս Ղանամ: