Ե՞րբ կարելի է մէկը հասուն կամ չափահաս համարել, հասուն՝ տարիքային, ֆիզիքական, իմացական, զգացական, ընկերային եւ փիլիսոփայական առումներով։
1.- Տարիքի հասունութիւն
Տարիները կ’ընթանան նոյն թափով՝ ի՛նչ ալ պատահի կեանքի մէջ, ի՛նչ վերիվայրումներ ալ ունենանք։ Դժուարութիւններ եւ ուրախութիւններ տարիներու թաւալումին վրայ չեն կրնար ազդել, ոչ ալ կրնան դանդաղեցնել, արագացնել կամ դադրեցնել տարիներուն ընթացքը։ Անձը տարիներու վրայ ոչ մէկ ազդեցութիւն ունի, հոս ընելիք ոչինչ կայ։
2.- Ֆիզիքական հասունութիւն
Ֆիզիքապէս հասուն կարելի է նկատել այն անհատը, որուն հասակը երկննալէ դադրած է եւ մարմինը իր կազմը ստացած, գեղձերը կը գործեն հասուն մէկու մը պէս եւ ունի բաւարար՝ բնական մարդու համազօր ուժ։
Եթէ մանկութեան լաւ սնանած չէ կամ կարգ մը հոգեվիճակներ տկար ձգած են զինք՝ ֆիզիքապէս շատ հասուն չենք կրնար համարել զայն, բայց պէտք եղած սնունդը տալով, սննդականոնով եւ մարմնամարզով կարելի է մարմինը կարգ մը փոփոխութիւններու եւ բարելաւումներու ենթարկել։ Ուրեմն անձը մասամբ մը դեր ունի մարմնային հասունութեան մէջ։
3.- Իմացական հասունութիւն
Անձը մեծ դեր ունի այս մարզին մէջ։ Մտային հասունութիւնը չափելը դիւրին չէ։ Ասիկա կը տարբերի երկրէ-երկիր, ժամանակէ-ժամանակ։ Քաղաքակիրթ երկիրներու մէջ, ուր երիտասարդները ընդհանրապէս առանձին կ’ապրին, ստիպուած կ’ըլլան շատ բաներ սորվելու, ուրեմն աւելի անկախ եւ ինքնավստահ կ’ըլլան։
Երբ արհեստագիտութիւնը յառաջացած է, զարգանալու բազում կարելիութիւններ կան։ Պատկերասփիւռն ու համացանցը միտքը զարգացնելու հսկայ միջոցներ են, եթէ ճիշդ ձեւով օգտագործուին, ապա թէ ոչ՝ ուղեղը կը բթացնեն, մարդը գիրք կարդալէ կը հեռացնեն. ուստի ուղեղը երեւակայելէ կը դադրի, անտեղի ձեւով կը լարուի եւ կը բթանայ։ Եթէ կրնաս լաւապէս ընտրել եւ սորվիլ, ապա մեծապէս օգտագործած կ’ըլլաս քեզի հրամցուած անհամար, սքանչելի գիտելիքները, այլապէս մեղք կ’ըլլայ ուղեղիդ։ Դուն քու ժամերուդ դահիճը կը դառնաս։
ա.- Անհատը միտքով «չափահաս» կարելի է համարել, եթէ իր շուրջը գտնուող արտաքին ազդակներուն, գեղեցիկ երեւցող գիւտերուն ու առարկաներուն ոչ թէ կուրօրէն գերին՝ այլ տիրապետողը կը դառնայ։
բ.- Անհատը որոշակիօրէն միտքով հասուն կրնանք կոչել, երբ ան արտասանուած խօսքը լաւապէս կը հասկնայ եւ պատահած դէպքերը լաւապէս կ’ըմբռնէ, իսկ իր արտասանած խօսքերը լսողին կը թուին տրամաբանական, ոչ թէ թերի։
գ.- Հասուն կը համարուին այն մարդիկը, որոնք իրենց արարքներուն, վարուելակերպին ու անոնց հետեւանքներուն պատասխանատուութիւնը կրնան վերցնել։ Երբ վատ դէպք մը պատահի, մանուկ մը կամ տհաս մտայնութեամբ չափահաս մը իր սխալը ուրիշին կը վերագրէ։ Միտքով հասունը կ’ընդունի, որ իր սխալ արարքին հետեւանքով պատահած է այդ վնասակար եղելութիւնը, ուրիշին չի վերագրեր իր սխալը եւ լաւագոյն կերպով կը ջանայ անոր հետեւանքը սրբագրելու։
դ.- Հասուն անձը հապճեպով դատողութիւններ չ’արձակեր, հետաձգելով ինքնիրեն ժամանակ կը տրամադրէ։ Միակողմանի չի դիտեր անձը կամ դէպքը, այլ տարբեր դիտանկիւններէ կը քննէ ու կ’ուսումնասիրէ հարցը, որպէսզի ժամանակ շահելով արդարօրէն դատէ։
4.- Զգացական հասունութիւն
Զգացականօրէն հասուն կրնանք կոչել այն անձը, որ կրնայ սանձել իր զգացումները։ Բոլորս ալ կ’ակնկալենք, որ մեզ շրջապատող անձինք մեզի պէս մտածեն։ Պէտք է նկատի առնենք սակայն, որ իւրաքանչիւր մարդ ունի տարբեր խառնուածք, տարբեր միջավայր, անձնական պայմաններ եւ մտածումներ, հետեւաբար՝ տարբեր զգացումներ։ Դուն ու ես նոյնը չենք եւ քեզ իմ դատողութիւններուս չեմ կրնար ենթարկել։ Ուրիշը չենք կրնար հարիւր տոկոսով փոխել, ուրեմն մանրուքներով մենք մեզ չանհանգստացնենք։ Ոմանք ջղագրգիռ կ’ըլլան, յաճախ անմիջապէս կը բարկանան. մարդիկ մտիկ ընել չեն ուզեր այդպիսիներուն։ Որքան քիչ եւ կարեւոր բաներու համար ջղայնանաք՝ այնքան մարդիկ արժէք կու տան ձեր զգացումներուն։ Թող ձեր բարկութիւնը անգամ ըլլայ յարգալից։
ա.- Զգացումով չափահաս կը նկատուինք, եթէ կարելի եղածին չափ մենք մեզ ձերբազատենք մեր կարգ մը ծայրայեղ բնազդներէն եւ համակերպինք շուրջիններուն, որպէսզի թէ՛ մեր անձը, թէ՛ ուրիշները՝ աւելի հանգիստ կարենանք պահել։
Ամուսնական կեանքի մէջ ալ պէտք չէ աճապարել ժխտական զգացումները արտայայտելու. անոնք ժամանակի ընթացքին կը մեղմանան եւ աւելի ճիշդ ձեւով կրնան դրսեւորուիլ։
բ.- Զգացումով հասուն կը նկատուի մէկը, երբ զգացական ծանր բեռ կրնայ կրել առանց խորտակուելու, ընկճուելու եւ առանց ուրիշը նեղացնելու։ Եթէ երիտասարդ մը գործը կորսնցնէ, ծնողքը ծանրօրէն հիւանդանան, կամ սիրոյ մէջ յուսախաբութեան մատնուի՝ բնականաբար խորապէս պիտի ազդուի, բայց եթէ գիտակից եւ հասուն է եւ զգացումները հաւասարակշռել գիտէ՝ միտքը պատրաստ կ’ըլլայ դժուարութիւնները դիմագրաւելու եւ չի փշրուիր. ընդհակառակն՝ կրնայ ուղի մը գտնել տառապանքէն դուրս գալու համար։
5.- Ընկերային հասունութիւն
Ընկերային հասունութիւնդ կը չափուի մարդոց հետ ընտելանալու կարողութենէդ։ Մարդոց մէջ դիրք պահպանելը բաւական ճարտարութիւն կը պահանջէ։ 13-19 տարեկան անչափահաս տղաք եւ աղջիկներ իրարու հետ գործակցելէ ախորժիլ կը սկսին։ Ծնողաց գուրգուրանքը եւ ընկերակցութիւնը բաւարար չեն ըլլար այլեւս։ Անոնք իրենց տարեկիցները կը փնտռեն, ուրիշ դէմքեր տեսնել եւ բազմութեան մէջ ըլլալ կ’ուզեն։
ա.- Ընկերային կեանքի մէջ հասուն կրնաս նկատուիլ այն ատեն, երբ կարենաս շուրջիններդ ընդունիլ այնպէս ինչպէս որ են։ Իւրաքանչիւր անձ տարբեր խառնուածք, տարբեր ընտանեկան մթնոլորտ ունի։ Կը հետաքրքրուիս մարդոցմով, կը սիրես տեսնել, թէ իւրաքանչիւրը դրական ինչպիսի՞ յատկութիւններ ունի, ինչպիսի՞ կարողութիւններ։
Մարդ արարածը ունի նախանձի բնազդ, որմէ ամէնէն շատ իր անձը կը վնասէ։ Նախանձը կը մաշեցնէ իր հոգին։ Ընկերային հասունութիւն ունեցողը փոխանակ նախանձէն ինքզինք կրծելու՝ կ’ուրախանայ եթէ բարեկամը իրմէ աւելի լաւ վիճակի մէջ կը գտնուի, կ’աշխատի անոր գաղափարներէն եւ գիտելիքներէն օգտուիլ ու զարգանալ։ Հասուն անհատը ինքզինքին չ’արտօներ, որ նախանձն ու ճղճիմութիւնները իր վրայ իշխեն, զինք քանդեն, այլ ջանք կը թափէ միտքը վեհ գեղեցկութիւններով զբաղեցնելու։
բ.- Հասուն անհատը ուրախ կրնայ ըլլալ թէ՛ ընկերային շրջանակի, թէ՛ առանձնութեան մէջ։ Երբ ընկերային հասունութիւն ունենաս, կրնաս ընտրել օգտակար եւ հաճելի շրջանակդ, որ հոգեպէս կը գոհացնէ քեզ։ Կրնաս մերժել այն գործունէութիւնները, որոնք կը խորհիս թէ անարժէք կամ վնասակար են եւ դուն քու շուրջդ յարմար շրջանակ մը կը կազմես։ Ընկերային հասունութիւն ունեցողը չի վախնար եւ չի խուսափիր նաեւ առանձին ըլլալէ։ Ոմանք կը խորհին, թէ առանձնութիւնը տխուր եւ ձանձրացուցիչ է։ Առանձնութեան մէջ մէկը ուրախ կրնայ ըլլալ իր մտածումներով, ծրագրերով, իր գործերով, հետաքրքրութիւններով, երաժշտութեամբ, արուեստով, գիրքերով եւ այլն։ Ուղեղը որքան գործի լծենք, այնքան անոր ընկալելու կարողութիւնը կ’աւելնայ։ Մինչեւ մեր կեանքին վերջը պէտք է սորվինք, այլապէս կեանքը անիմաստ եւ անհետաքրքրական կ’ըլլայ։
Երբ չաշխատինք եւ չսորվինք՝ օտար կը մնանք աշխարհին, աշխատելով կը մտերմանանք անոր ու կը բարեկամանանք մարդկութեան եւ ան մեզի հարազատ կը դառնայ։
գ.- Ընկերային հասունութիւն ունեցողը որեւէ տարիքի անձի հետ կրնայ բարեկամանալ։ Մանուկ մը իր տարեց ազգականը կրնայ սիրել, քանի որ իրեն ուտելիք կամ խաղալիք կու տայ, երբ քիչ մը մեծնայ՝ կը սիրէ զայն, քանի որ զինք թերեւս պտոյտի կը տանի կամ պատմութիւն կը պատմէ. իսկ երբ մեծնայ եւ հասուննայ՝ բան մը չ’ակնկալեր անկէ, բայց կը սիրէ զայն, անոր ներկայութեան ուրախ կ’ըլլայ, քանի որ այլեւս նիւթականը չէ զինք անոր կապողը, այլ՝ հոգեկանը։ Առանց բան մը ակնկալելու կրնայ օգտուիլ անոր փորձառութենէն եւ գիտելիքներէն։ Ինքն ալ իր կարգին՝ իր երիտասարդական ուժէն բան մը կրնայ տալ անոր։
Նոյնպէս ալ նոյն կամ հակառակ սեռի պատկանող երկու երիտասարդներ, եթէ ընկերային հասունութիւն ունին, կրնան բարեկամութիւն մշակել իրարու հետ. այս բարեկամութիւնը կրնայ երկար տեւել, եթէ անոնք իրարմէ որեւէ բան չակնկալեն, շահախնդրութիւն չունենան եւ չաշխատին զիրար օգտագործել։ Այս երկար բարեկամութեան ընթացքին, անոնք անզգալաբար իրենց լաւ յատկութիւնները կը փոխանակեն իրարու։
6.- Փիլիսոփայական հասունութիւն
Կը նշանակէ կեանքի մէջ նպատակակէտ մը ունենալ, հասնելիք տեղ մը, եւ դէպի անոր ուղղուիլ։ Ասոր համար իւրաքանչիւր անձ պէտք է ինքզինք ճանչնայ եւ իմանայ.
1.- Իր փափաքները (սիրած բաները)
2.- Իր կարողութիւնները (թէ անոնք բաւարա՞ր են իր սիրած գործերը իրականացնելու համար)
3.- Իր կարելիութիւնները (տան պայմանները, դժուարութիւնները)
Ասոնք կը սերտէ, կը համադրէ, կոչումը կ’ընտրէ եւ լուրջ ու յարատեւ աշխատանք կը տանի իր իտէալը իրականացնելու համար։
Երազելով, ցանկալով ու ակընկալելով մարդ ինքզինք չի կերտեր։
ա.- Փիլիսոփայական հասունութիւն ձեռք բերած կ’ըլլայ, երբ երկարատեւ արժէքներու համար կ’ապրի, իր ապագան չի զոհեր ժամանակաւոր, կարճատեւ ու թեթեւ հաճոյքներու, նոյնպէս վայրկեանական պոռթկումներու համար։ Անմիջական վարձատրութիւններ եւ շնորհակալութիւններ զինք չեն հրապուրեր։ Երբ ակնկալած յաջողութիւնը չի գտներ՝ յուսախաբ չ’ըլլար։
Ծրագրուած գործ կ’ընէ։ Արագ ձեռք բերուած շահերու չի ցանկար։ Կրնայ այսօր չյաջողիլ, կրնայ դանդաղօրէն յաջողիլ։ Փորձենք երկարատեւ յաջողութիւններու եւ արժէքներու վրայ կեդրոնանալ եւ ջանք թափել անոնց հասնելու համար։
բ.- Մարդ հասուն կը նկատուի, երբ հաւասարակշռութիւն կրնայ պահել թէ ձախողութեան, թէ յաջողութեան ատեն։ Ձախողութեան կամ տագնապի ատեն ոմանք իրենք զիրենք կը կորսնցնեն, կ’ընկճուին, կը փոխուին, մինչդեռ ձախողութիւններն ու վիշտերը ուսուցիչներ են, անոնցմէ սորվելիք շատ բան ունինք։ Բարոյական բարձունքի չենք կրնար հասնիլ առանց անոնց։ Տառապանքն է մարդը մարդկայնացնողը։
Նոյնպէս յաջողութեան ատեն մարդիկ երբեմն չեն կրնար իրենց ունեցած նիւթականին շիտակ ուղղութիւն տալ։
Ոմանք կը հպարտանան եւ ուրիշ մարդ կը դառնան։ Երկու պարագաներուն ալ մնացիր այնպէս ինչպէս որ ես։ Աշխատէ տոկուն մնալ եւ նկարագիրդ չփոխել, այլապէս թոյլ մէկու մը տպաւորութիւնը կրնաս ձգել։
գ.- Հասուն անհատը ուրիշներէ ակնկալութիւն չունենար։ Ուրիշներու բացած պատրաստ, սահուն ճամբաներէն քալելու չ’աշխատիր։ Ջանք ընենք քալելու՝ հոգ չէ թէ դժուար, խորտուբորտ, բայց մեր բացած ինքնուրոյն ճամբէն։ Ուրիշին շուքին տակ չմեծնանք։
դ.- Կեանքի փիլիսոփայութիւնը ձեզի կու գայ մասամբ մը ձեր շրջակայքէն, ձեր սիրած անձերէն, ձեր հիացած մարդոցմէ։
Երբ շատ երիտասարդ էք, ձեր կեանքի հերոսը կ’ըլլայ՝ թերեւս գեղեցիկ դերասանուհի մը, կամ երգիչ մը կամ յայտնի ֆութպոլ խաղացող մը։ Աւելի հասուննալով, աւելի մեծ մարդոցմով կրնաք հիանալ. թերեւս բանաստեղծով, երաժիշտով մը, քանդակագործով մը։ Կրնանք հիանալ դժբախտներուն եւ աղքատներուն իր կեանքը նուիրող մայր Թերեզայով։
Որքան արժէքաւոր մարդոցմով հիանաք, անոնց նմանիլ փափաքիք, ժամանակ տրամադրէք, սերտէք զիրենք՝ այնքան հոգեպէս հասուն կրնաք նկատուիլ։
Որքան կարեւոր եւ արժէքաւոր բաներու համար հոգ ընէք, ուժ եւ կորով  վատնէք, աշխատանք տանիք, այնքան աւելի հոգեպէս մեծ կը նկատուիք։
Ասոնք բոլորը մեր կեանքին փիլիսոփայութիւնը կը կազմեն։
Անգլերէնէ թարգմանեց եւ ամփոփեց
 Ազնիւ Եագուպեան