Ս. Կոյս Մարիամ Աստուածածին եկեղեցւոյ պաշտամունքային կեանքէն, սրբազան աւանդութենէն եւ հոգեւոր մթնոլորտէն անբաժան է։ Տիրական է անոր ներշնչող ազդեցութիւնը։ Մեր Տէրը Յիսուս Խաչին վրայ ըսաւ մօրը. «Մա՛յր, ահաւասիկ զաւակդ» (Յհ 19.26), եւ Յովհաննէս առաքեալին ըսաւ. «Ահաւասիկ մայրդ։ Եւ այդ օրուընէ աշակերտը զայն իր մօտ առաւ» (Յհ 19.27)։

Այս խօսքերէն կը հետեւցնենք որ Ս. Կոյս Մարիամ Յովհաննէսի խնամքին յանձնուեցաւ։ Լուսահոգի Զարեհ Արք. Ազնաւուրեան Աստուածամօր դերակատարութեան մասին կ’ըսէ. «Մարիամ ծնա՛ւ Քրիստոսը, բայց հոս չի վերջանար Մարիամին դերը։ Քրիստոս խաչին վրայ եղած ժամանակ չմոռցաւ իր մայրը, այլ զայն յանձնեց իր աշակերտներէն՝ Յովհաննէսին (Յհ 19.26-27), այլ խօսքով, զայն յանձնեց եկեղեցւոյ պահպանութեան։ Քրիստոս իր մայրը իբրեւ աւանդ թողուց իր Եկեղեցիին, զայն մայր եւ հովանաւոր դարձնելով ամբողջ Եկեղեցիին»։

Մարդիկ տեսած էին ի վերուստ իրեն տրուած գերազանց շնորհքը, որով Տիրամայր ըլլալու մեծ պատիւը ստացաւ Աստուծմէ։ Բան մը, զոր շատե՜ր ջերմապէս փափաքած էին։ Եսայի մարգարէն Սուրբ Հոգիին ներշնչումով Քրիստոսի ծննդեան ակնարկած էր. «Ապա կոյսը պիտի յղանայ ու որդի պիտի ծնանի եւ անոր անունը Էմմանուէլ պիտի կոչուի» (Ես 7.14)։ Դարե՜ր առաջ փոխանցուած այս թանկագին խոստումը ժառանգել ուզողներ կային։ Ս. Օգոստինոսի բացատրութեամբ բարեպաշտ կոյսեր հոգեպէս կը ցանկային այդ «կոյսը» ըլլալ, որմէ պիտի ծնէր աշխարհին փրկիչը։ Պատահական չէ երբ առիթով մը բազմութեան մէջէն կին մը բարձրաձայն ըսաւ Յիսուսի. «Երանի՜ այն կնոջ, որ քեզ յղացաւ եւ դիեցուց» (Ղկ 11.27) «Երանի» բառը ցոյց կու տայ յատկապէս կիներու ցուցաբերած համակրանքը, սիրալիր վերաբերմունքը եւ երկիւղած յարգանքը Ս. Կոյս Աստուածածնին նկատմամբ։ Այդպիսիներ բնականաբար հասկցած էին, որ փրկիչի մայր ըլլալը Աստուծոյ բարերար կամքին, խորախորհուրդ տնօրինումին եւ բարեհաճ ընտրութեան արդիւնքն է։ Ս. Կոյսը արդարօրէն արժանացաւ «Աստուածամայր» կոչումին, Աստուծոյ կամքին հնազանդելով եւ փրկութեան ծրագիրին համապատասխան ընթանալով։ Ահա թէ ինչո՛ւ անոր հաւատքը սրբաշող էր ընդմիշտ։ Հաւատք մը, որ օրհնաբեր արձագանգն ունեցաւ, հոգեշահ դասեր տուաւ եւ անջնջելի հետքեր ձգեց։ Ասոր հարազատ պատկերը կը տեսնենք Յովհաննէս Մկրտիչին մօր՝ Եղիսաբէթի խօսքերուն մէջ, երբ Մարիամի ողջոյնը լսելէ ետք ըսաւ. «Երանի՜ քեզի որ հաւատացիր, որովհետեւ Աստուծոյ կողմէ քեզի ըսուածները պիտի կատարուին» (Ղկ 1.45)։

Մենք եւս Եղիսաբէթին կը ձայնակցինք եւ երանի՜ կ’ըսենք Ս. Կոյս Մարիամին իր հաւատքի վեհութեան, կոչումի սրբութեան, վայելած յատուկ օրհնութեան եւ յանձն առած նուիրական առաքելութեան համար։

Կարելի չէ պատկերացնել Աւետարանը առանց Աստուածամօր։

Քրիստոսի մարդեղութեան խորհուրդին հետ սերտօրէն առնչուած է Ս. Կոյս Մարիամը։ Քրիստոս Սուրբ Հոգիով ծնաւ, առանց այր մարդու միջամտութեան։ Մարդկային մտքի հասողութենէն վեր եղող իրողութիւն մը, որ մեր հաւատալիքներուն մէջ տեղ գտած է։ Ինչպէս «Հաւատամք»ին մէջ կ’ըսենք «Ծնաւ կատարելապէս ի Մարիամայ Սրբոյ Կուսէն Հոգւովն Սրբով»։ Աստուածաշնչական հիմք հանդիսացող այս արտայայտութիւնը բացայայտ կերպով կը ծանուցէ թէ Մարիամի մէջ յղացուածը Սուրբ Հոգիէն է (Մտ 1.20)։ Նոյն վկայութեան կը հանդիպինք Ղուկասի Աւետարանին մէջ, երբ կը կարդանք թէ Գաբրիէլ Հրեշտակը Ս. Կոյսին պատասխանեց. «Սուրբ Հոգին Քեզի պիտի գայ եւ Բարձրեալին զօրութիւնը քու վրադ պիտի հանգչի» (Ղկ 1.35)։

Աստուածամօր առաքինութիւնները պտղատու հաւատքին, ջերմեռանդ հոգիին եւ աստուածակեդրոն ապրելակերպին վկայութիւններն են։ Ս. Կոյս Մարիամ տառապանքի դառն բաժակէն ըմպեց, մինչեւ արիւնոտ Գողգոթա քալեց։ Սիմոն ծերունին յայտնապէս ըսած էր «Քու ալ սիրտէդ սուր մը պիտի անցնի» (Ղկ 2.35)։ Այո, փշաբեր ուղիէն անցնիլ վիճակուած էր Ս. Կոյսին։ Այդպէս ալ եղաւ։ Ան խորապէս համոզուած էր թէ իր որդին պիտի խաչուէր մարդոց մեղքերուն փոխարէն, որպէսզի կնքէ հաշտութեան եւ խաղաղութեան ուխտը իր սուրբ եւ պատուական արեան հեղումով։

Վերափոխման տօնը յիշատակն է Աստուածամօր երկինք փոխադրուելուն։

Այսօրուան աշխարհին մէջ նիւթականացած մտայնութիւններ լայն տարածում գտած են, որոնք տարօրինակ գրաւչութեամբ կը կաշկանդեն մարդուն առօրեան, կը սահմանափակեն մտքի հորիզոնները, կը պղտորեն ընկերութեան տեսադաշտը եւ զուտ աշխարհիկ հոսանքներով կը փորձեն հրապուրել նոյնիսկ հաւատացեալները։ Վերափոխման տօնը մեզի կը յիշեցնէ թէ հաւատքով քալողը Աստուծոյ հաճութիւնը կը շահի եւ երկինք փոխադրուելու կը պատրաստուի։ Աստուածամայրը որպէս հոգեւոր դաստիարակ, շնորհալի կոյս, վկայութեան խորան, սրբադրոշմ տաճար եւ երանելի մայր մեզի կը հրաւիրէ իր օրինակով ընթանալ։

Այսօր խաչով, վաղը յարութեան աւետիսով։ Այսօր մահաստուեր ձորէն անցնելով, վաղը կեանքը ժառանգելու Քրիստոսով։

Խորէն Քհնյ. Պէրթիզլեան