Tert.am-ի հետ ունեցած զրոյցի ընթացքին ԼՂ Ազգային Ժողովի «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Սարգսեան ըսաւ, որ ՀՅԴ-ն Լեռնային Ղարաբաղի մէջ սպասուած ընտրութիւններուն մասնակցելու ձեւաչափին մասին տակաւին վերջնական որոշում չէ առած:

Ան յայտնեց.«Հիմա քննարկումներ կ’ընթանան շրջաններու եւ խումբերու մէջ, բայց վերջնական որոշում տակաւին չկայ: Որոշումը Յուլիսի սկիզբը՝ ՀՅԴ արցախեան կոմիտէի համագումարին կը յստականայ»:

Միաժամանակ Արմէն Սարգսեան ըսաւ, որ «Տրամադրութիւններ կան, որ ՀՅԴ-ն իր թեկնածուով հանդէս գայ»:

Ան աւելցուց.«Հաւանական է, որ ՀՅԴ-ն հանդէս գայ սեփական թեկնածուով, բայց վերջնական որոշումը Արցախի շրջանային ժողովը պիտի տայ»: