ՍԱՆԱ.- Երկուշաբթի, 1 Յուլիսի առաջին ժամերուն, սուրիական օդային պաշտպանութեան համակարգերը դէմ դրին իսրայէլեան պատերազմական օդանաւերու արձակած հրթիռներուն։ Հրթիռները լիբանանեան տարածքները հատելով կ՚ուղղուէին Հոմսի եւ Դամասկոսի շրջակայքի սուրիական զինուորական կեդրոններ։

Ներկայ պահու տուեալներով արձանագրուած են քաղաքային երկու զոհ,— որոնցմէ մին նորածին մանուկ մըն է,— եւ 19 վիրաւոր, ինչպէս նաեւ նիւթական վնասներ։