Երեքշաբթի, 2 Յուլիս 2019-ին, Գերմանիկ Վասպուրական Մշակութային Միութեան եւ Մարաշի Հայրենակցական Միութեան վարչութիւններու ներկայացուցիչներ շնորհաւորական այցելութիւն տուին Բերիոյ Հայոց Թեմի նորընտիր Առաջնորդին` Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեանին, բարի գալուստ եւ յաջողութիւն մաղթելով Սրբազան Հօր: Ներկաները հանգամանօրէն բացատրութիւններ տուին Սրբազան Հօր իրենց միութիւններու գործունէութիւններուն ու դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն մասին, ապա նուիրեցին Մարաշի ասեղնագործութեան մասին գիրքը: Սրբազան Հայրը, իր կարգին, բարձր գնահատեց մշակութային ու հայրենակցական միութիւններու դերակատարութիւնը գաղութային կեանքէն ներս եւ յաջողութիւն մաղթեց զոյգ վարչութիւններուն: