«Արմէնփրէս».- Ֆրանսա-Ատրպէյճան յարաբերութիւնները, յատկապէս ռազմաարդիւնաբերական ոլորտէն ներս, մշտապէս Հայաստանի ուշադրութեան տակ են: 3 Յուլիսին լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ՀՀ Արտագին Գործոց Նախարարութեան մամուլի քարտուղար Աննա Նաղդալեան անդրադարձաւ Ատրպէյճանի կողմէն Ֆրանսայէն զէնքեր գնելու մասին մամուլի մէջ շրջանառուող տեղեկութիւններուն:
Նաղդալեան իր խօսքին մէջ .«5 Փետրուարին Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութեան համակարգող կոմիտէի կողմէն կազմակերպուած նախաձեռնութեան ընթացքին Ֆրանսայի նախագահը նշած էր, որ Ֆրանսան, ի տարբերութիւն միւս երկիրներէ, միակն է, որ խստօրէն կը պահպանէ էմբարգոյի (արգելանքներու«Գ.») իր պարտականութիւնները: Նաեւ Ֆրանսան երբեք Ատրպէյճանին չի վաճառեր այնպիսի զէնք, որ կրնայ օգտագործուիլ Արցախի մէջ: Կարեւոր է, որ Ֆրանսան իրապէս հետամուտ ըլլայ այս հարցին եւ ձեռնպահ մնայ Ատրպէյճանի հետ որեւէ գործակցութենէ, որ կրնայ տարածաշրջանի ռազմական հաւասարակշռութիւնը կայունութիւնն ու խաղաղութիւնը խաթարել»:
ԱԳՆ մամուլի քարտուղարի խօսքին համաձայն, տարածաշրջանի սպառազինութեան մրցավազքի առնչութեամբ Հայաստանը մշտապէս նշած է, որ հետամուտ պիտի ըլլայ այդ հարցին առնչութեամբ եւ հարցը մշտապէս պիտի բարձրացնէ ինչպէս երկկողմ, այնպէս ալ բազմակողմ հարթակներու վրայ: