27-29 յունիս 2019-ին Վրաստանի մայրաքաղաք Թիֆլիսի մէջ տեղի ունեցաւ «Միջազգային Ֆալքոն շարժում-Միջազգային ընկերվարական կրթութիւն» կազմակերպութեան «Վերադարձ արմատներուն» խորագիրը կրող համագումարը:

Համագումարին կը մասնակցէին կազմակերպութեան անդամ միութիւններու շուրջ հինգ տասնեակ ներկայացուցիչներ: ՀՅԴ Երիտասարդական միութիւնը կը ներկայացնէր Քրիստինէ Վարդանեան (Հայաստան):

Համագումարի օրակարգին գլխաւոր կէտերն էին կազմակերպութեան նոր ընդհանուր քարտուղարի, նախագահի, ինչպէս նաեւ նախագահութեան նոր կազմի ընտրութիւնները:

Երկու օր տեւած քննարկումներն ու աշխատանքները կը վերաբերէին կազմակերպութեան անդամներուն կողմէ տեղական եւ համաշխարհային մակարդակներու վրայ առկայ խնդիրներուն ու անոնց լուծման ուղիներու որոնման:

ՀՅԴ Հայաստանի Երիտասարդական Միութեան ներկայացուցիչը ներկայացուց Հայաստանի եւ ամբողջ աշխարհին մէջ ՀՅԴ ուսանողական, երիտասարդական եւ պատանեկան միութիւններուն կողմէ կատարուած աշխատանքներու փորձը` ընդգծելով 12-16 տարեկաններու շրջանին տարբեր կրթական եւ դաստիարակչական միջոցառումներու կազմակերպման գործին մէջ կազմակերպութեան ունեցած դերն ու նշանակութիւնը:

Համագումարը իր աշխատանքները աւարտեց կազմակերպութեան անդամակցելու յայտ ներկայացուցած կազմակերպութիւններու եւ ոչ լիիրաւ անդամ հանդիսացող կազմակերպութիւններու կարգավիճակներու ճշդումով, շարք մը բանաձեւերու ընդունմամբ եւ ղեկավար նոր կազմի ընտրութիւններով:

ՀՅԴ Երիտասարդական Միութիւնը կը հանդիսանայ «Միջազգային Ֆալքոն շարժում – Միջազգային ընկերվարական կրթութիւն» կազմակերպութեան լիիրաւ անդամ: