-Երկուշաբթի, 8 Յուլիս 2019-ին, իրանեան առեւտուրի գրասենեակի վարչական խորհուրդի անդամ Քիուան Քաշիֆի յայտնեց, որ յառաջիկայ Սեպտեմբերին իրանեան տնտեսական խմբակ մը Սուրիա պիտի մեկնի՝ երկրի ենթակառոյցներու վերականգնումին կարիքները ապահովելու եւ պատերազմէն վնասուած ամբարտակները վերանորոգելու համար:
Քաշիֆի «Տամ Փրէս»ի թղթակիցին յայտնեց, որ Սուրիա յարմար ենթահող եւ փորձ ունի ճարտարարուեստի զարգացման, յատկապէս արդիւնաբերական եւ գիւղատնտեսական ոլորտներուն մէջ: Անհրաժեշտ է, սակայն, վերականգնել ջուրի, ելեկտրականութեան, ամբարտակներու ենթակառոյցները: Քաշիֆի եզրափակելով ըսաւ. «Սուրիոյ, Իրանի եւ Իրաքի միջեւ առեւտրական ճամբաներու բացումը առիթ պիտի ընծայէ տուեալ երկիրներուն միջեւ տնտեսական, յատկապէս շինարարական նիւթերու, փոխանակումին»:
-Երկուշաբթի, 8 Յուլիս 2019-ին, «Քասիուն» թերթը հետաքննութիւն մը կատարելէ ետք յայտնեց, որ SYRIATEL հաղորդակցական միջոցներու ընկերութիւնը Միջին Արեւելքի ամենաշահաբեր հեռաձայնային ընկերութիւնը կը հանդիսանայ:
Թերթին համաձայն, SYRIATEL անցեալ տարի 32% շահ արձանագրած է, երկրորդ դիրքը կը գրաւէ սէուտական STC-ը՝ 26%, յաջորդը քուէյթեան ZAIN-ը՝ 17%, ապա թրքական TURK TELECOM-ը եւ Եգիպտական VODAFONE-ը՝ 6% եւ վերջապէս Եգիպտական ORANGE EGYPT-ը՝ 1%:
-Պղնձեայ մուրճերուն դոփիւնը կրկին կը լսուի Հին Հալէպի թաղերէն, յայտարարելով պղնձագործներու հնագոյն շուկային վերաբացումը: Պղնձագործներու շուկան պատերազմի տարիներուն քանդուեցաւ, սակայն տեղացի առեւտրականները պատերազմի փոշին թօթափելով եւ վերանորոգումի աշխատանքները բոլորելով, վերադարձան իրենց խանութները, ուր կը գտնուին արեւելեան արժէքաւոր պղնձեայ իրեր:
«Գանձասար»ի թղթակիցը շրջագայելով շուկային մէջ յայտնեց, որ խանութները վերանորոգուած են ճարտարապետական հին ոճով: Հին Հալէպի շինարարական աշխատանքներու մասնակից Ահմատ Սթէֆ յայտնեց, որ շրջանի առեւտրական հին խանութները կը վերակառուցուին հին Հալէպի ճարտարապետական ոճին եւ Հնագիտական ժառանգութեանց Տնօրէնութեան օրէնքներուն համաձայն:
-Դատական բժշկութեան ընդհանուր խորհուրդի տնօրէն Զահէր Հաճճօ յայտնեց, որ դատական բժիշկը կ’ենթարկուի ապահովական, հոգեկան եւ ֆիզիքական ճնշումներու, եւ այս բոլորին փոխարէն, ան ոչ մէկ առանձնաշնորհում կը վայելէ, ոչ ալ նիւթական համապատասխան վարձատրութեան կ’արժանանայ: Ան իրաւունք չունի նոյնիսկ հիւանդանոցներու մէջ ծառայելու կամ անձնական դարմանատուն ունենալու: Հաճճօ աւելցուց, որ ներկայիս Սուրիոյ մէջ 56 այս- օրինակ բժիշկներ կը գործեն: Բոլորն ալ տարեց են ու քանի մը տարիէն հանգստեան պիտի կոչուին: Ուստի այս մասնագիտութիւնը պիտի չքանայ, նկատի ունենալով, որ ներկայիս այս մասնագիտութիւնը ընտրող երիտասարդներ չկան:
Հաճճօ կարեւոր համարեց լրատուամիջոցներուն անդրադարձը այս գծով: Դիտել տալով, որ անոնք կրնան դատական բժիշկին հանգամանքը լուսարձակի տակ առնել եւ իրաւունքներուն մասին խօսիլ՝ պարզելով, որ դատական բժիշկը ժողովրդային տրամաբանութեան համաձայն սոսկ «մահուան բժիշկ»ը, մահուան հաստատումը կատարողը չէ:
-Երեքշաբթի, 9 Յուլիս 2019-ին, սուրիական «Շամ Թայմզ» կայքը յայտնեց, որ թրքական բանակը քոմանտոսական ուժեր ուղարկած է Սուրիա-Թուրքիա սահման՝ ամրապնդելու համար իր զինուորական ներկայութիւնը, շրջանին մէջ տեղի ունեցող լարուածութեանց լոյսին տակ:
Թրքական «Անատոլ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ վերջին շաբաթները, Թուրքիա զինուորական գործողութիւնները բազմապատկեց՝ Դամասկոս-Անգարայի լարուածութեան ալիքին սաստկացումէն ետք: Այդ լարուածութիւնը յառաջացած էր սուրիական բանակին Իտլիպի ուղղութեամբ արձանագրած յառաջընթացէն եւ ահաբեկիչներու ապաստան դարձած թրքական վերահսկողութեան կեդրոնները հարուածելէն ետք: