ՓԱՅԼՈՒՆ ՄԱԶԵՐ ՈՒՆԵՆԱԼՈՒ ՀԱՄԱՐ
Մազերը ոչ միայն մեր գեղեցկութեան կարեւոր բաղադրիչներէն կը համարուին, այլեւ մեր առողջական վիճակը կը ցոլացնեն:
Առողջ եւ փայլուն մազեր ունենալու համար անհրաժեշտ է շաբաթը երկու անգամ լուալ մազերը, որպէսզի մաքրենք զանոնք փոշիէն ու մարմինին արտադրած իւղէն:
Շաբաթը մէկ անգամ պէտք է ձիւթաիւղով ծեփել եւ լուալ մազերը: Իւղով ծեփեցէք ձեր մազերը շաբաթը երկու անգամ: Մասնագէտներ կը թելադրեն jojoba իւղը: Մօտաւորապէս մէկ դգալ ձեր ափին մէջ դրէք ու մատներով շփեցէք ձեր մազերը եւ ապա սանտրեցէք: Կարելի եղած չափով զայն պահեցէք ձեր մազերուն վրայ մինչեւ լոգանք:
Նախընտրելի է գործածել որակաւոր շամփուներ եւ մազի տեսակին համապատասխան սնուցիչ քսուկներ:
Կարելի եղածին չափ հեռու պէտք է մնալ ելեկտրական ջերուցիչէն եւ բնական ձեւով չորցնել մազերը: Իսկ ելեկտրական ջերուցիչ օգտագործելու պարագային, ձեր մազէն քանի մը սմ. հեռու բռնեցէք զայն:
Ամրան պէտք է մազերը պաշտպանել արեւէն եւ աւազանի ջուրին քլորէն:
Պէտք չէ տեւաբար ներկել մազերը: Մազերուն սնունդը կախեալ է նաեւ մեր ստացած սնունդէն: Անհրաժեշտ է հաւասարակշռուած եւ այլազան սննդամթերք օգտագործել: Ծխախոտը, ինչպէս նաեւ չափազանցուած սննդականոնը բացասական ազդեցութիւն կրնան ունենալ մազերուն առողջութեան վրայ:
Մազերն անընդհատ ձիգ մի կապէք, ըստ կարելւոյն խուսափեցէք քիմիական արտադրութիւններ օգտագործելէ եւ բնական մազմզուկներով սանտրեր օգտագործեցէք:
Մերսեցէք գլխամաշկը: Մերսումը կը նպաստէ արեան շրջանառութեան բարելաւումին եւ մազերու արագ աճումին:
Եթէ մազերը թեփոտած են, խուսափեցէք ձեր գլուխը տաք ջուրով լուալէն (ընդհանրապէս նախընտրելի է մազերը գաղջ ջուրով լուալ):
Ձեր սնունդին մէջ օգտագործեցէք թարմ բանջարեղէն եւ սպիտակուցներ: Յաճախ կտրեցէք մազերը: Ճիւղաւորուած ծայրերը ի վերջոյ մազաթափութիւն կը յառաջացնեն:
Եւ վերջապէս խուսափեցէք գերճնշուած ձեր առօրեայէն: Հանգիստի ժամերը շատ կարեւոր են:
ՄԱԶԵՐՈՒ ԱՌՆՉՈՒՈՂ ԸՆԹԱՑԻԿ ՍԽԱԼՆԵՐ
-Քնանալ Թաց Մազերով
Շատ սխալ է թաց մազերով քնանալը, թաց մազերը գիշերուան ընթացքին չեն չորնար եւ մինչեւ առտու խոնաւ կը մնան:  Խոնաւութիւնը բազմաթիւ հիւանդութիւններ կրնայ պատճառել գլխու մաշկին:
-Քնանալէ Առաջ Մազերը Կապել
Քնանալէ առաջ պէտք չէ մազերը կապել, քանի որ անոնք կը տկարանան: Երկար մազերը ամփոփելու համար կարելի է թոյլ հիւսք մը ընել, փոխանակ զանոնք պրկելու եւ քաշելու:
-Քնանալէ Առաջ Մազերը Երկար Ժամանակ Սանտրել
Շատ տարածուած սխալ է քնանալէ առաջ մազերը երկարատեւ սանտրելը: Սխալ կարծիք է, որ մազերը երկար սանտրելով անոնք կը փափկանան, ընդհակառակը անոնք աւելի զգայուն կը դառնան եւ կը վնասուին: Սանտրելու արարողութիւնը պէտք չէ երկար տեւէ:
Սոնա Տէր Պօղոսեան-Տարաքճեան