«Երկիր».-Ատրպէյճանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը արձագանգած է ՀՀ Արտագին Գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեանի յայտարարութեան` Արցախի մէջ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան մասին:
Ատրպէյճանի ԱԳՆ ներկայացուցիչ Լեյլա Ապտուլաեւան նշած է, որ մարդու իրաւունքները համընդհանուր բնոյթ կը կրեն, եւ այս առումով որեւէ խտրախանութիւն պէտք չէ ըլլայ: «Կարելի չէ խումբ մը մարդոց մարդու իրաւունքներու պաշտպանութիւնը ապահովել միւսերու իրաւունքներու խախտման հաշուին»,ըսած է ան:
Յիշեցնենք, որ Զոհրապ Մնացականեան ԵԱՀԿ ոչ պաշտօնական հանդիպումին խօսած էր Արցախի մէջ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան կարեւորութեան մասին:
«Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը կը վերաբերի մարդկանց: Այն մարդոց, որոնց կենսական, ֆիզիքական անվտանգութեան մասին: Մեր առանցքը այս կէտերու վրայ է: Ես կը փափաքիմ նաեւ նշել ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակի համանախագահութեան դերակատարութիւնը, որուն մէջ մենք կը փորձենք գտնել Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրի խաղաղ կարգաւորում», ըսած էր Մնացականեան: