«Գանձասար» ի տեղեկութիւններուն համաձայն, Գամիշլիի ասորի համայնքի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ դիմաց տեղի ունեցած ահաբեկչական գործողութիւնը՝ ականապատուած ինքնաշարժին պայթումը, իրականացած է այնպիսի թաղամասի մը մէջ, ուր ոչ մէկ զինուորական ներկայութիւն գոյութիւն ունի։ Թիրախ դարձած են տեղւոյն խաղաղ բնակչութիւնն ու կառոյցները։
Գործողութիւնը իրականացած է այնպիսի ժամու մը ընթացքին, երբ ելեկտրական հոսանքը անջատուած է, ուստի տեղւոյն կառոյցներու նկարահանող սարքերը չեն կրցած նկարել գործողութեան ընթացքն ու գործողութիւնը իրագործող ահաբեկիչը։

Գործողութեան հետեւանքով զոհեր չեն արձանագրուած։ Տեղացի, ոչ հայ, 11 վիրաւորները անմիջապէս փոխադրուած են հիւանդանոց։ Մեր աղբիւրին տեղեկութեան համաձայն, անոնց առողջական վիճակը կայուն է։

Գամիշլիի բնակչութիւնը մեծապէս ցնցուած է պայթիւնին ուժգնութենէն։ Այսօր տեղւոյն կառոյցները իրենց դռները փակ պահած են։ Բնակչութիւնը յոյս ունի, որ յառաջիկայ օրերուն կեանքը կը վերագտնէ իր բնականոն ընթացքը։