Մինչեւ ե՞րբ մարդիկ պիտի ճամբեմ։ Մինչեւ ե՞րբ ընկերներուս եւ հարազատներուս «ցտեսութիւն» պիտի ըսեմ՝ առանց իմանալու, թէ ե՛րբ է մեր յաջորդ հանդիպումը։
Թէպէտեւ օրերս նոր միջոցներ կան մեր աչքերէն հեռու, բայց սրտակից հարազատներուն հետ հաղորդակցելու, սակայն դէմ առ դէմ խօսիլը, ժպտիլը, նոյնիսկ աչքերով իրարու միտք մը հասցնելը տարբեր ուրախութեամբ կը պարուրեն մեր սրտերը:
Հալէպի պատերազմը ինչե՞ր չխլեց երիտասարդներէն, որոնք պատանի էին պատերազմին սկիզբը, սակայն անոր աւարտին չափահաս դարձան, առանց ապրած ըլլալու պատանութեան սիրազեղ օրերը:
Ո՞վ կը մտածէ մարդկային կորուստներու մասին։ Մարդկային կորուստ ըսելով, կ’ուզեմ նկատի առնել նաեւ այն բոլոր յարաբերութիւնները, զորս պիտի մշակէինք եւ ապրէինք որոշ մարդոց հետ, սակայն չապրեցանք։ Ի՞նչ ծանր զգացում է մտերիմէ մը վշտացած բաժնուիլը եւ մեր միջեւ գոյացած սխալ հասկացողութիւնը սրբագրելու առիթ չունենալը: Եթէ նոյնիսկ մեր պայմանները բարելաւուին, ի՞նչ օգուտ, երբ մտերիմ բարեկամս տեսնելու կարելիութիւն չունիմ այլեւս, երբ լոկ յուշերով կը մխիթարուիմ։ Ուր որ այցելեմ դէպք մը, քրքիջ մը կը յիշեցնեն հարազատներս, որոնց հետ միասին այցելած էի այդ վայրը օրին։ Անծանօթներն անգամ մեկնած են այլեւս: Անծանօթներ, որոնց կրկին կրնայի հանդիպիլ եւ ընկերանալ, այդ հաւանականութիւնն ալ չկայ այլեւս: Ճակատագի՞ր է սա, թէ մեզի վիճակուած ցաւ ու կարօտ, հաւանաբար մեր մեղքերուն պատճառով նաեւ: Ամէն բան ճակատագրին վերագրելը աւելի դիւրին ընտրութիւն է սակայն:
Կը մտածեմ, կը մտածեմ վերոյիշեալ հարցերուն մասին եւ կը համոզուիմ, որ կեանքը կը շարունակուի: Հարցումներու տարափը կրկին կը տեղայ մատղաշ մտքիս մէջ, հարցումներ, հարցումներ, անպատասխան մնացած հարցումներ…:
Բայց դեռ յոյս ունի՞մ օտարներու հետ իսկ ծանօթանալու եւ նոր բարեկամութիւններ հաստատելու, երբ երկրէն մեկնող անծանօթին հետ ծանօթանալու առիթն իսկ կորսնցուցած եմ օրին:
Սարին Գրիգորեան
Հալէպի Պետ. Համալսարանի Համակարգչային Գիտութիւններու բաժինի ուսանող