«Արցախփրէս».- Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Ամերիկայի Արեւելեան շրջանի Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան (ՀԵԴ) նախաձեռնութեամբ եւ ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական եւ պատանեկան միութիւններուն աջակցութեամբ, Ստեփանակերտի Աշոտ Ղուլեանի անուան N2 հիմնական դպրոցին մէջ, 8 Յուլիսին ընթացք առած երկշաբաթեայ պատանեկան ճամբարը իր աշխատանքները կը շարունակէ։
«Արցախփրէս»ի թղթակիցին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին, ճամբարի ընդհանուր պատասխանատու Մայքըլ Գոլոգոսեան ըսաւ, որ ճամբարին կը մասնակցին շուրջ 240 պատանիներ:
«Ճամբարը ամէն օր սկիզբ կ՛առնէ առաւօտեան ժամը 10։00-ին՝ Արցախի քայլերգով եւ կ՛աւարտի կէսօրէն ետք ժամը 4:00-ին «Մշակ բանուոր» քայլերգով: Անիկա ունի յագեցած օրակարգ, որ հետաքրքրական եւ բովանդակալից կը դարձնէ արցախցի պատանիներու ամառնային առօրեան: Անոնց կարելիութիւն կը տրուի տարբեր դպրոցներու իրենց հասակակիցներուն հետ աւելի լաւ յարաբերութիւններ մշակելու եւ նոր գաղափարներով բաժնեկցելու: Այս շրջագիծին մէջ կը կազմակերպուին ժամանցային զանազան խաղեր, պատանիները կը սորվին ազգագրական երգեր եւ պարեր, կը պատրաստեն ձեռային աշխատանքներ, կը բարելաւուի հայոց պատմութեան ու անգլերէնի իրենց իմացութիւնը եւ այլն: Ամերիկահայ եւ աւստրալահայ 19 խմբապետները կը փորձեն ուրախ եւ յիշարժան դարձնել ճամբարականներու առօրեան: Պատանիները բաժնուած են 3 խումբերու՝ կարմիր, կապոյտ եւ նարնջագոյն, որոնց միջեւ տեղի կ՛ունենան զանազան մրցումներ-խաղեր: Այս ամիս նախատեսուած է նաեւ երկշաբաթեայ ճամբար մը կազմակերպել Ասկերանի մէջ: Մենք կարեւոր եւ անհրաժեշտ կը նկատենք պատանիներուն մօտ նման միջոցառումներու կազմակերպումը եւ վստահ ենք, որ անիկա պիտի ունենայ շարունակական բնոյթ», ըսաւ Մ. Գոլոգոսեան:
Ճամբարին մասնակցող Նարեկ Մկրտչեան շնորհակալութիւն յայտնեց կազմակերպիչներուն՝ իրենց առօրեան յագեցած եւ բովանդակալից դարձնելու համար: «Մեծ հաճոյքով ու ոգեւորուածութեամբ կը յաճախեմ ճամբար: Այստեղ նոր ընկերներ ունեցայ, բարելաւեցի ունեցած գիտելիքներս, սորվեցայ ազգային երգեր ու պարեր: Նման ճամբարները մեզի՝ պատանիներուս կ’ոգեւորեն եւ նոր լիցք կը հաղորդեն, որպէսզի մեր ունեցած ներուժը կեդրոնացնենք հայրենիքի հզօրացման ու բարգաւաճման: Կը փափաքէի, որ ծրագիրը կրէ շարունակական բնոյթ եւ իմ բոլոր հասակակիցներս ալ կարելիութիւն ունենային մասնակցելու նման տպաւորիչ ու հետաքրքրութիւններով լեցուն ճամբարին», յայտնեց ան։