Կիրակի, 14 Յուլիս 2019-ին, Գամիշլիի Սիրիէն ուղղափառ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ Ս. Պատարագ մատուցուեցաւ:

Քանի մը օր առաջ եկեղեցւոյ դիմաց ահաբեկչական գործողութիւն մը տեղի ունեցած էր՝ թիրախ դարձնելով եկեղեցին:

Պատարագը տեղի ունեցաւ Ճէզիրէի եւ Եփրատի Սիրիան Ուղղափառ Թեմի Առաջնորդին նախագահութեամբ: Արարողութեան ընթացքին հաւատացեալները շեշտեցին, որ կառչած պիտի մնան Սուրիական Հայրենիքին, իսկ ահաբեկչական գործողութիւնները պիտի չյաջողին քայքայել սուրիական ընկերութեան հիւսուածքը: