Ծանօթ եւ փաստարկուած իրողութիւն է, որ երբեմն ձախողութիւններ իրենց առթած ցնցումով ու կսկիծով վերափոխիչ, օգտակար եւ բուժարար անդրադարձ կ’ունենան մարդ արարածի կենսընթացին վրայ։ Ու քիչ չէ թիւը այն ապացոյցներուն, որոնք կը վկայեն, որ յաճախ ձախողութիւնը կը վերածուի խթանիչ ենթահողի եւ զգաստութեան ազդակի յաջողութիւն արձանագրելու համար։ Նաեւ շատ հաւանաբար լիարժէք յաջողութիւնը չժպտի մարդուս, եթէ բաւարարաչափ ձախողութիւններ յղկած ու կոփած չըլլան զայն։ Այլ խօսքով՝ գիտակից եւ զգօն մարդը իր ձախողութիւններէն կը սորվի նոյնքան, որքան իր յաջողութիւններէն։
Անշուշտ այս հանգամանքը պէտք չէ ընդունիլ որպէս ձախողութեան կոչ կամ դժուարութեանց որոնում, այլ կենսափորձով ապացուցած անյեղլի ճշմարտութիւն։ Այստեղ պէտք է շեշտել, թէ տարողունակ ձախողութիւններն ու դժբախտութիւնները թէկուզ ունենան հատու եւ վշտացնող, բայց միաժամանակ ազդու եւ զգաստացնող ներգործութիւն, որ կրնայ մարդս մղել տկարութիւններ շրջանցելով եւ դարմաններ որոնելով զօրակէտեր նուաճելու եւ հասունութիւն ձեռք ձգելու։
Առաքինի, քաջ եւ հաստատակամ մարդիկ անկասկած կ’անդրադառնան իրենց թերիներուն եւ զանոնք սրբագրելով կը բարելաւեն իրենց անբարեյոյս ու աննախանձելի կացութիւնը, հասնելով անսպասելի յաջողութիւններու։
Ճիշդ է՝ որ գործի, ուսման, սիրոյ եւ տնտեսական ձեռնարկներու մէջ շատ հեղ մարդիկ կը դիմագրաւեն ընկրկումներ եւ ձախողութիւններ, սակայն պէտք է ընդունիլ թէ յաջողութիւնն ու գերազանցութիւնը սահմանափակուած չեն ոչ ոքի համար, կամ մենաշնորհները չեն որեւէ մէկուն։
Արդարեւ, յաջողութեան առաջնորդող բոլոր ճանապարհները կը մնան բաց եւ հարթ բոլորին դիմաց։ Իսկ մեզի վերապահուած է, արիաբար, թեկուզեւ արկածախընդրութեան գնով, նախ առիթներ որոնել, ապա ընծայուած այդ պատեհութիւնները օգտագործել, նոյնիսկ եթէ մեծագոյն անյաջողութեան հանդիպած ըլլանք կանխապէս։
Երկրագունդի վրայ ամէն ոք ձախողութեան ենթակայ է, բայց այս պարագան պէտք չէ ընդունիլ իբրեւ անխուսափելի եւ անզանցառելի իրողութիւն, նաեւ պէտք չէ արտօնել՝ որ մեղկութիւնը, տկարացումն ու պարտուողականութիւնը երբեւիցէ կլանեն մեզ, փակ օղակի մէջ բանտելով մեր ինքնութիւնը։
Յաջողակ անձնաւորութիւններ, դժուար թէ տեղի տան եւ ընկճուին ձախողութեանց առջեւ։ Անոնք մինչեւ իսկ կը խուսափին որեւէ առիթով օգտագործել «ձախողութիւն» բառը, զայն փոխարինելով այլ մեղմացուցիչ տարազներով ու որակումներով։
Արդ, հիմնահարցը կը մնայ վերահասու ըլլալ սխալին եւ չափել անոր տարողութիւնը, յետոյ ճշգրիտ ախտաճանաչումով սրբագրել ու յաջողութեան անկիւնաքարի շրջել զայն։
Երբ արգելակիչ պատճառներ բազմանալով եւ դժուարութիւններ բարդուելով ակամայ անյաջողութեան գիրկը կը նետեն մեզ, պէտք չէ որ բարոյալքութեան անձնատուր ըլլանք եւ մենք մեզ դասենք ձախողածներու շարքին, նախախնամութեամբ իսկ ի սկզբանէ տնօրինուած բախտ ու ճակատագիր համարելով այդ իրավիճակը, որմէ ձերբազատումը գրեթէ անհնար է ու անկարելի։
Այսպիսի յուսաբեկ պարագաներու, կամքն ու կորովը առաջնահերթ դերակատարութիւն ունին ձախողութեան ուրուականը հեռացնելու եւ մեզ խրախուսելու գծով, նոյնիսկ երբ բոլոր ելքերը փակուած նկատուին մեր դիմաց։
Պէտք չէ մտահան ընել, որ յաջողութեան եւ ձախողութեան հաւանականութիւնները միշտ ալ կը մնան առգոյ բոլորին համար եւ անոնց սահմաններու ընդարձակումն ու սեղմումը կախեալ է նոյնինքն խնդրոյ առարկայ անձէն։
Կեանքը ազատ եւ հսկայ դպրոց մըն է նոր հմտութիւններ, փորձառութիւններ եւ յաւելեալ հասունութիւն ընձեռելու համար այն փորձիչ հարցերուն մէջ, որոնք կը սպառնան մեզի, ու կը մղեն մեզ քաջաբար ուղղուելու դէպի այլ ասպարէզներ առանց վարանումի ետդարձ կատարելու, կամ անցեալի հաշւոյն դոյզն չափով ափսոսալու։
Նախապատրաստութիւնն ու կանխազգուշութիւնը անկռահելի անակնկալներու եւ յոռեգոյն հաւանականութեանց դէմ, առաւելագոյնս կ’օժանդակեն մեզի բազում սխալներու առաջքը առնելու եւ մեզ ձախողանքէ ու սայթաքումներէ հեռու պահելու։ Իրօք՝ գործադրումը հանգամանօրէն սերտուած եւ իմաստունօրէն նախագծուած ընդարձակահորիզոն ծրագրի մը, ուր տեղ կը գրաւեն հաւասարակշռուած կեանք մը, առանցք ունենալով ընտանիք, հարազատներ, ընկերային անմիջական շրջապատ եւ նախասիրութիւններ, անպայմանօրէն պիտի կրճատեն դէպի նահանջ եւ քայքայում տանող անապահով ուղիները։
Աշխարհափորձ մարդիկ, որոնք կեանքի դաժան վերիվայրումներու ընդմէջէն ճաշակած են յաջողութեան եւ ձախողութեան քաղցրն ու լեղին՝ մշակելով կարելիութիւններ եւ բիւրեղացնելով գաղափարներ, կը վկայեն՝ թէ կան ձախողութիւններ, որոնք աքցանի մէջ կ’առնեն մեզ անզգալաբար, դանդաղ, ջլատիչ, կրծող քողարկուած ընթացքով ու կը մղեն յուսալքումի եւ անձնատուութեան։ Անոնք միաժամանակ կը հաստատեն, որ կեանքի մէջ անպակաս են անսպասելի եւ յանկարծակի պատուհասներ եւ փորձութիւններ, որոնք առիթ կ’ընծայեն ենթակային արագ եւ խելացի դարմանումներ կատարելով վերականգնելու, վերակենսաւորուելու եւ կրկին յառաջընթացի հուն վերադառնալու։
Ձախողութիւնը՝ կը նկատուի բնական ճանապարհ անորոշը պեղելու եւ անծանօթը ճանչնալու համար։ Ուրեմն հարկ է խտացեալ փորձառութեամբ եւ կեդրոնացեալ ճիգերով ամենակարճ ժամանակամիջոցին պրծիլ եւ ազատագրուիլ ձախողութեան աղիտալի ճիրաններէն, նոյն այդ անյաջողութիւնը վերածելով դէպի բարեյուսոյ հրուանդան նետուած գօտեպնդիչ եւ փրկարար կամուրջի։
Բնականաբար պէտք է ընդունիլ ձախողութիւնը, առանց անձնատուր ըլլալու անոր, միանգամայն խոստովանիլ մեր թերացումները (ծուլութիւն, անպարտաճանաչութիւն, շեղ եւ ապօրինի ընթացք…), հեռու՝ ինքնախաբէութենէ։ Որովհետեւ ընկրկումն ու վհատութիւնը ինքնաբերաբար պարտութեան եւ նահանջի դարպասը լայն կը բանան մեր առջեւ, ինչպէս նաեւ յաւակնոտութիւնը, գոռոզութիւնն ու պատասխանատուութենէ խուսափումը պատճառ կը դառնան նորանոր տեղատուութեանց եւ անկումներու։
Վերջապէս՝ իբրեւ ինքնագիտակցութեան կոչ եւ իրատեսութեան հրաւէր կը յանձնարարենք, մշտապէս ի մտի ունենալ հաւաքական փորձառութեամբ եւ իմաստութեամբ նուիրականացած այն հաստատ ճշմարտութիւնը, թէ յաջողութիւնը առհասարակ կ’առաջնորդէ յաջողութեանց, իսկ ձախողութիւնը ճամբայ կը հարթէ անընդմէջ ձախողութիւններու…։
Խաչիկ Շահինեան