Ուրբաթ, 19 Յուլիս 2019-ի առաւօտուն, սրբազան հօր շնորհաւորական այցելութիւն տուին նաեւ Ազգային Մշակութային Միութեան ներկայացուցիչները։

Անոնք, շնորհաւորելէ ետք Բերիոյ Հայոց Թեմի նորընտիր Առաջնորդը, ներկայացուցին միութեան գործունէութեան բնոյթն ու տարողութիւնը։

Մտերմիկ զրոյցի մը ընթացքին սրբազան հայրը գնահատելով միութեան աշխատանքը յաջողութիւն մաղթեց անոր գործունէութեան եւ հայրական իր զօրակցութիւնն ու գործակցութեան պատրաստակամութիւնը յայտնեց միութեան ներկայացուցիչներուն։