Կիրակի, 11 Յուլիսին, Հալէպի Սրբոց Քառասնից Մանկանց Մայր եկեղեցւոյ մէջ, յետ Ս. եւ Անմահ Պատարագին, տեղի ունեցաւ Եագուպիէի մէջ վերջերս նահատակուած Սուզան Տէր Գրիգորի հոգեհանգստեան պաշտօնը, ներկայութեամբ հանգուցեալին պարագաներուն, Եագուպիէի Ս. Աննա եկեղեցւոյ թաղականութեան, հաւատացեալ ժողովուրդին եւ մեծ թիւով եագուպիահայերու։

Արարողութենէն ետք, Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեան Առաջնորդարանի դահլիճէն ներս ընդունեց հանգուցեալին քոյրը, պարագաները, ներկայ եագուպիահայերը եւ թաղականութիւնը ու ցաւակցութիւն յայտնեց անոնց ազգային իշխանութեան եւ թեմական կառոյցներուն կողմէ։