ՀՅ Դաշնակցութեան Գերագոյն Մարմինը կը շարունակէ խորհրդարանական եւ արտախորհրդարանական ուժերու հետ քաղաքական հանդիպումներու շարքը` քննարկելու համար երկրի արտաքին եւ ներքին քաղաքական զարգացումներուն առնչուող հարցեր:

19 Յուլիսին, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի կեդրոնէն ներս տեղի ունեցաւ հանդիպում «Ազգային Օրակարգ» Կուսակցութեան խորհուրդի անդամներ Արա Յակոբեանի, Աշոտ Ղազարեանի, Նորայր Աղայեանի եւ Արա Գասպարեանի հետ:

Դաշնակցութեան կողմէ հանդիպումին կը  մասնակցէին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան, ՀՅԴ Մասնագիտական Ոորտային յանձնախումբերու համակարգող Արծուիկ Մինասեան, ՀՅԴ Գերագոյն Մարմինի անդամներ Լիլիթ Գալստեան եւ Արթուր Խաչատրեան:

Քննարկուեցան երկրի ներքաղաքական իրավիճակին առնչուող հարցեր: Կողմերը, կարեւոր համարելով դատա-իրաւական համակարգի մէջ բարեփոխումներու անհրաժեշտութիւնը, միաժամանակ իրենց մտահոգութիւնները յայտնեցին դատական համակարգի շուրջ ընթացող գործընթացներուն մասին: Երկրի ներքին ու արտաքին` առկայ մարտահրաւէրներուն առընթեր կարեւոր սեպուեցաւ գործակցութեան կարելիութիւնն ու անհրաժեշտութիւնը: Քաղաքական գործակցութիւնն ու խորհրդակցութիւնները շարունակելու եւ արդիւնաւորելու համաձայնութիւն ձեռք բերուեցաւ: