Հայ ե­րաժշտութիւնը մեր ժո­ղո­վուրդի պատմութեան մէջ ա­ռանցքա­յին դեր եւ տեղ ունի: Գուսաններն ու ա­շուղնե­րը, օ­րին, իբրեւ մշա­կոյթին կեանք եւ ո­գի նե­րարկողներ, ի­րենց ստեղծա­գործութիւննե­րով հայ մշա­կոյթի մշա­կուած հո­ղին մէջ ա­նուրա­նա­լի աւանդ մը ձգած են` քաջ իմանալով, որ ա­նոնք հա­յա­պահպանման ա­ռա­քե­լութեան նպաստող ազդակներ են:
21 Սեպտեմբեր 1969-ին, Քորթո­պա քա­ղա­քին մէջ (Արժանթին), Հայ Յե­ղա­փո­խա­կան Դաշնակցութեան «Արմե­նիա» Ե­րի­տա­սարդա­կան Միութեան խումբ մը անդամնե­րուն կողմէ կը կա­տա­րուի «Գուսան» նուա­գա­խումբի հիմնադրութիւնը:
Նկա­տի առնե­լով, որ Սփիւռքի ա­փե­րուն այնքան դիւրին չէր հայ մշա­կոյթին շուրջ ժո­ղո­վուրդը հա­մախմբել, եւ գիտնա­լով, որ այսօր եւս դժուար է նո­րա­հաս սե­րունդը հա­մախմբել, «Գուսան» նուա­գա­խումբը յառաջացաւ, նուա­գե­լ սկսաւ ու պայծառ շա­րունա­կա­կա­նութիւն հաստա­տեց, որպէսզի երիտասարդութիւնը հեռու չմնայ մեր մշա­կոյթի ա­կունքէն:
Ներշնչուած հայ ե­րաժշտա­կան հա­րուստ ժա­ռանգութե­նէն, ան ա­ռա­ջին նուա­գա­խումբը ե­ղաւ Հա­րաւա­յին Ա­մե­րի­կա­յի մէջ, որ զուտ հայկա­կան գործիքնե­րով տա­րա­ծեց հա­զա­րա­մեայ հայ մշա­կոյթը:
Սա­րո­յեանի հաստատումով, ուր որ երկու հայ ի­րա­րու հանդի­պին, հոն նոր Հա­յաստան կը կա­ռուցեն։ Ա­հաւա­սիկ, այսօր, հե­ռաւոր Գորտո­պա­յի մէջ, «Գուսան»ի հայ ե­րա­ժիշտնե­րուն տա­ղանդին եւ կամքին շնորհիւ հայրե­նի­քը կը վե­րա­ծաղկի մեր հո­գի­նե­րուն ու սրտե­րուն մէջ։ Այս նուա­գա­խումբը նուա­գած է հայ գա­ղութներ այցե­լող հռչա­կաւոր զանազան երգիչնե­րու հետ: Երկար տա­րի­նե­րու ընթացքին ներկա­յա­ցած է Արժանթի­նի, Ուրուկուէյի եւ Պրա­զի­լի հայկա­կան բե­մե­րուն վրայ, ինչպէս նաեւ տե­ղա­կան շրջա­նակնե­րու մէջ՝ հա­մերգնե­րով, հե­ռա­տե­սի­լի ու ձայնասփիւռի զա­նա­զան յայտա­գրե­րով:
Նուագախումբը հրա­պա­րա­կած է ա­ռա­ջին պաշտօ­նա­կան ալպո­մը, նուի­րուած հայ հե­րոս Ա­րամ Երկա­նեա­նի յի­շա­տա­կին: Ներկա­յիս «Գուսան» նուա­գա­խումբը իր տասնհինգ անդամնե­րով կը շա­րունա­կէ իր մշա­կութա­յին գործը տարբեր ներկա­յա­ցումնե­րով ու հա­մերգնե­րով։