«Էրմէնիհապեր».-Թրքական պետական «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը յայտնէ, որ Անիի աւերակներուն մէջ չոր խոտի բռնկման հետեւանքով հրդեհ  յառաջացած է, որ քամիի պատճառով տարածուած է:

Անիի աւերակներուն մէջ աշխատող անվտանգութեան աշխատակիցները իրենց ձեռքի տակ ունեցած միջոցներով փորձած են մարել կրակը: Այնուհետեւ դէպքի վայրը  ժամանած է նաեւ հրշէջ ծառայութիւնը եւ ամբողջովին մարած է  հրդեհը:

Թրքական իշխանութիւններու աւանդոյթին համաձայն, թրքական պետական լրատուամիջոցը Անին կը ներկայացնէ ոչ թէ իբրեւ հայկական մշակութային ժառանգութիւն, այլ` իբրեւ «տարբեր քաղաքակրթութիւններու օրրան», որ ներառուած է ԻՒՆԵՍՔՕ-ի համաշխարհային ժառանգութեան ցանկին մէջ եւ հոն կը  գտնուին 11-12-րդ դարու իսլամական ճարտարապետութեան նմոյշներ:

Թրքական աղբիւրին հրապարակած նիւթին մէջ Հայաստանի մասին կը յիշատակուի միայն այնքանով, որ Անին կը գտնուի Թուրքիա-Հայաստան սահմանին: