20 Յուլիսի առաւօտ, Ուրուկուէյի հայկական ռատիօժամին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին Վեհափառ Հայրապետը անդրադառնալով վերջերս Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ տեղի ունեցած Հայ Մամուլի Համահայկական Համագումարին, կոչ ուղղեց մամլոյ մշակներուն համագումարը վերածել մնայուն գործընթացքի: Ան ըսաւ, որ որեւէ համագումար (ինչպէս որեւէ յեղափոխութիւն), իր լիարատ իմաստը կը ստանայ ու նպատակը կ’իրագործէ երբ վերածուի գործընթացքի: Այլ խօսքով, յստակ ծրագիրներ մշակելու ու նպատակներ իրագործելու հաւաքական աշխատանքին: Այս կոչը ուղղեցինք մենք համագումարի մասնակիցներուն: Նոյնը կը կրկնենք այսօր: Նորին Սրբութիւնը նաեւ վեր առաւ համագումարին համահայկական բնոյթ ունենալու նշանակութիւնը: «Մեր մտածումներուն, գործերուն, ծրագիրներուն մղիչ ուժը ու նպատակը պէտք է դառնայ համահայկականը՝ մեր կեանքի բոլոր մարզերէն ներս: Սա լոզունք չէ, այլ մարտահրաւէր է ուղղուած բոլոր պատասխանատուներուն ու կառոյցներուն: Այսպէս, անջատ-անջատ պիտի ծրագրենք ու գործենք եւ այս մօտեցումը պիտի ջլատէ մեր ազգին ներուժը»:

Նորին Սրբութիւնը անգամ մը եւս յիշեցուց, թէ հայ մամուլը առաքելութիւն է եւ ան կոչուած է վճռական դերակատարութեան մեր կեանքին մէջ: «Այս նախանձախնդրութենէ ու սպասումէ մեկնած մենք կազմակերպեցինք հայ մամուլի համահայկական համագումարը: Ճիշդ է, մօտեցումներու տարբերութիւնը Հայաստանի եւ Սփիւռքի միջեւ ակներեւ էր, սակայն տարբերութիւնը անհրաժեշտ է ներդաշնակել ի խնդիր համահայկական արժէքներուն ու ձգտումներուն»: Շարունակելով իր խօսքը Վեհափառ Հայրապետը յիշեցուց, որ համաշխարհայնացած ներկայ աշխարհին մէջ, ուր համացանցը դարձած է տիրական ներկայութիւն, բոլոր բնագաւառներէն ներս, համահայկական լրատուութեան համացանցի մը ստեղծումը աւելի քան հրամայական է: