Հովանաւորութեամբ ՀՄԸՄ-ի Հալէպի Մասնաճիւղի Վարչութեան, կազմակերպութեամբ մասնաճիւղի Սկաուտ Խորհուրդին եւ խմբապետական կազմին, Կիրակի, 21 Յուլիս 2019-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, «Գ. Եսայեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Գրիգոր Յակոբեան Գայլ-Արծուիկ Միաւորի «Մոկլիի Օրուան» հանդիսութիւնը: Ձեռնարկը ընթացք առաւ Սուրիոյ եւ Հայաստանի քայլերգներով, օրկի կատարողութեամբ Լար Սիսեռեանի, ապա օրուան հանդիսավար Սեւան Ուրիշիկեան ներկաները հրաւիրեց մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգելու մեզմէ առյաւէտ բաժնուած ՀՄԸՄ-ականներուն, ինչպէս նաեւ Սուրիական Հայրենիքի նահատակներուն յիշատակը:

Արաբերէն բացման խօսք արտասանեց միաւորի փոխպատասխանատու փոխխմբապետ Հրակ Փայասեան, իսկ հայերէն՝ փոխպատասխանատու, փոխ խմբապետուհի Մարալ Մերթխանեան:

Գեղարուեստական յայտագիրը ընդգրկեց զանազան բաժիններ: Խումբ մը քոյրեր եւ եղբայրներ  ներկայացուցին Մոկլիի պատմութիւնը, որմէ ետք Մոկլի վոհմակ երամի քոյրերն ու եղբայրները պարեցին «Հոյ Լարի» պարը: Կարմիր եւ Կապոյտ վոհմակ երամի քոյրերն ու եղբայրները  ներկայացուցին սկաուտական գաւազանով եւ գլանով մարզանք, ապա Աննա Պետրոսեան ասմունքեց Պ.Սեւակի «Քիչ Ենք, Բայց Հայ Ենք» բանաստեղծութիւնը:

Ճերմակ վոհմակ երամի քոյր-եղբայրները երգեցին եւ պարեցին օձի պարը, որուն յաջորդեց բուրգ, իսկ նարնջագոյն, դեղին եւ կանաչ վոհմակ երամները հանդէս եկան հայկական պարերով:

Յայտագիրին ամէնէն ճոխ բաժինն էր երգչախումբը, որուն մաս կազմեցին կարմիր, կապոյտ, նարնջագոյն եւ ճերմակ վոհմակներու քոյր-եղբայրները: Երգչախումբը կատարեց փունջ մը ազգային ու յեղափոխական երգեր ու խանդավառեց ներկաները:

Ձեռնարկին վերջին բաժինով բեմ հրաւիրուեցան մասնաճիւղի խմբապետն ու սկաուտ խորհուրդի ատենապետը, հովանաւորելու կակուղ թաթիկի, միաստղ եւ երկաստղ կարգերու վկայականաց բաշխումն ու աստիճանատուչութիւնը։ Սկաուտ Խորհուրդի ատենապետ Աբիկ Խաչոյեան շնորհաւորեց վկայեալ քոյրերն ու եղբայրները, ապա բեմ հրաւիրուեցաւ Հոգշ. Տէր Զաւէն Աբղ. Նաճարեան, իր սրտի խօսքը ուղղելու: Ան դիտել տուաւ, որ ՀՄԸՄ-ի առաքելութիւնը միշտ եղած է դաստիարակել հայ մանուկն ու պատանին: «Այս մանուկները իրենց փոքր հասակէն անդամ դարձած են ՀՄԸՄ-ի ընտանիքին, ուր անոնք կ’ուռճանան, կը զարգանան եւ մարմնապէս ու հոգեպէս կը զօրանան, որպէսզի այն ինչ որ սորված են այս միութենէն ներս, իրենց կարգին, փոխանցեն մեր ժողովուրդի զաւակներուն: 21-րդ դարը խօսելու դար չէ, այլ՝ գործելու եւ այսօր մենք ականատես դարձանք, թէ ՀՄԸՄ-ը ինչպիսի՛ ոգիով կ’աշխատի, որպէսզի պատրաստէ մեր վաղուան նուիրեալ ղեկավարները»: Ապա ան շնորհաւորեց բեմ բարձրացող բոլոր գայլիկները եւ մաղթեց, որ անոնք ըլլան ՀՄԸՄ-ին պարծանք բերող միութենականներ:

Իր խօսքի աւարտին հայր սուրբը աղօթք բարձրացուց առ Աստուած եւ Տիրոջմէ խնդրեց, որ Իր Աջի հովանին անպակաս պահէ ՀՄԸՄ-ի ընտանիքին վրայէն եւ աստուածատուր օրհնութեամբ ՀՄԸՄ-ականները ըլլան յարատեւ ծառայողները հայ ժողովուրդին:

Հանդիսութիւնը փակուեցաւ «Յառաջ Նահատակ» քայլերգով:

 

                                           ՀՄԸՄ-ի Հալէպի Մասնաճիւղի Սկաուտ Խորհուրդ

(Պատրաստեց՝ Նայիրի Ազարիկեան-Արոյեան)